Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամանթա Փաուըր կը Միանայ «Աւրորա» Մրցանակի Ընտրող Յանձնաժողովին

Սամանթա Փաուըր կը Միանայ «Աւրորա» Մրցանակի Ընտրող Յանձնաժողովին

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր միացաւ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին:

Փաուըրը Ընտրող յանձնաժողովի միւս անդամներուն հետ, որոնք հեղինակաւոր մարդասիրական գործիչներ են, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ պետութիւններու նախկին ղեկավարներ, պիտի ընտրէ 1 միլիոն տոլարի «Աւրորա» ամէնամեայ մրցանակի դափնեկիրները:

«Մենք չափազանց ոգեւորուած ենք` ողջունելու դեսպան Փաուըրը «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին մէջ: Համաշխարհային ասպարէզի մէջ իր մեծ փորձառութեամբ ան հիանալի գործունէութիւն  ծաւալած է` աջակցելով զարգացող երկիրներուն եւ պաշտպանելով աշխարհի մէջ ամենակարիքաւոր մարդոց շահերը», – ըսած է«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան: «Հաշուի առնելով մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ անոր բացառիկ փորձը ողջ աշխարհի մէջ` մենք հպարտ ենք, որ ան պիտի ուսումնասիրէ «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւնները եւ պիտի օգնէ ուրուագծել «Աւրորա» մրցանակի ապագան»:

Մինչեւ ՄԱԿ-ի մէջ աշխատիլը Սամանթա Փաուըր ծառայած է ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ` որպէս նախագահի յատուկ օգնական եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն:

Սամանթա Փաուըր հեղինակած է Փուլիցըրեան մրցանակի արժանացած «Խնդիր դժոխքէն. Ամերիկան եւ ցեղասպանութեան դարաշրջանը» գիրքը:

««Աւրորա» մրցանակը եւ անոր դափնեկիրները կ՛ապացուցեն, որ ոչ միայն կարեւոր է յիշել անցեալի վայրագութիւնները, այլեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի ներուժ` աջակցելու անոնց, որոնք ներկային կը փրկեն մարդոց կեանքը», – ըսած է Սամանթա Փաուըր: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, որ նպատակ ունի մեծարման արժանացնել զանոնք, որոնք, կրելով բազում դժուարութիւններ, կ՛օգնեն այլոց, եւ ունին կամք կուտակելու եւ պահպանելու մարդկային բարութիւնը նոյնիսկ խիստ դժուարին պայմաններու մէջ»է

«Մետիամաքս»-ը կը նշէ, որ 2016 թուականի Նոյեմբերին Սամանթա Փաուըր, որ դեռ ԱՄՆ դեսպանն էր ՄԱԿ-ի մէջ, խօսած էր «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մասին»:

Նոյեմբերի30-ին Ուաշինկթընի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ Էլի Վիզըլի յիշատակին նուիրուած ելոյթի ժամանակ ան ըսած էր. «Աշխարհի մէջ դեռ շատ անարդարութիւն կար: Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան մերժումը, անոր կեանքի ընթացքին տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթի վարչակարգը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան կ՛ապրէր ու կը տեսնէր, թէ ինչպէս աւելի մեծ թիւով մարդիկ անասելի յանցագործութիւններու ականատեսը կը դառնան, սակայն լայնօրէն տարածուած կը մնար նաեւ անտարբերութիւնը»:

Ան կը միանայ «Աւրորա» մրցանակի ներկայիս Ընտրող յանձնախումբի անդամներուն, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են` Նոպէլեան դափնեկիրներ Օսկար Արիասը, Շիրին Էպատին եւ Լէյմա Կպովէն, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսընը, մարդկային իրաւունքներու գործիչ Հինա Ճիլանին, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին նախագահ եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Կարեթ Էվանսը, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիոն, Լոնտոնի Կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ. Լորտ Տարզին, Նիւ Եորքի Քառնեկի կազմակերպութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը եւ օսքարյին դերասան եւ մարդասիրական գործիչ Ճորճ Քլունին:

2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը` չկրկնուող թեկնածութիւններ:

Առաջադրման փուլին (29 Մայիսի 2017-էն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր)  դիմումներ ուղարկուած են 12 լեզուներով` 115 երկիրներէ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եգիպտոս, Հայաստան, Հնդկաստան, Գերմանիա, Մեծն Բրիտանիա, Իրան, Ուքրանիա եւ Քենիա: Առաջադրուած թեկնածուներու թիւը աճած է 100 տոկոսով` նախորդ տարուան համեմատութեամբ, երբ առաջադրուած էին 254 թեկնածուներ` 13 լեզուներով, 66 երկիրներէ:

««Աւրորա» մրցանակը երախտագիտութիւնը գործով արտայայտելու ուղի է` շնորհակալութիւն յայտնելով այն անձնազոհ հերոսներուն, որոնք այլոց ապրելու հնարաւորութիւնը կու տան: Մենք նպատակ ունինք «Աւրորա»-ի միջոցով ճանաչման արժանացնել մերօրեայ հերոսները», ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեանը:

2018 թուականին «Աւրորա» մրցանակի թեկնածուներուն անունները պիտի հրապարակուին 24 Ապրիլ 2018-ին` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակի օրը: 1 միլիոն տոլարի «Աւրորա» մրցանակը, որ ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, երրորդ անգամ կը շնորհուի 10 Յունիս 2018-ին, Հայաստանի մէջ: Դափնեկիրը մէկ միլիոն տոլարը կը նուիրաբերէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ոգեշնչած են զինք իր գործունէութեան ընթացքին: Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը կ՛ամփոփէ յատուկ ձեռնարկներով լի շաբաթը, որոնք տեղի կ՛ունենան 8-10 Յունիս 2018-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment