Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ուքրանիան Փաստացի Հեռացուցած է Հայկական Պատուիրակութիւնը. ՌԴ ԱԳՆ Արձագանգը

Ուքրանիան Փաստացի Հեռացուցած է Հայկական Պատուիրակութիւնը. ՌԴ ԱԳՆ Արձագանգը

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է 30 Նոյեմբերին Քիեւի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան Գլխաւոր ընդհանուր ժողովի միջադէպի վերաբերեալ, ուր ուքրանական նախագահութիւնը «փաստացի հեռացուցած է հայ խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը սկզբունքային բնոյթ կրող հարցերու վերաբերեալ ամփոփիչ հռչակագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համատեղ աշխատանքներէն:

«Ակնյայտ կը դառնայ, որ Ուքրանիան չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները որպէս ՍԾՏՀ նախագահող, կը խախտուին բազմակողմ կազմակերպութիւններու աշխատանքի համընդհանուր չափանիշներն ու սկզբունքները, չի ապահովուիր պատուիրակութիւններու ամբողջական մասնակցութիւնը միջոցառումներուն, կը խախտուին  հիմնարար սկզբունքները», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն Ուքրանիոյ մեղադրած է նաեւ համաձայնեցուած հռչակագիրի մէջ վերջին պահին փոփոխութիւններ մտցնելու մէջ, որոնք սադրիչ բնոյթ կը կրեն: Ուքրանիացները չարաշահած են իրենց նախագահական գործառոյթները եւ հասած անհաւասարակշռուած ձեւակերպումներու ընդունման՝ դուրս գալով տնտեսական թեմայի շրջանակներէն, որով պէտք է զբաղուի ՍԾՏՀ ԽԱ-ն:

Յիշեցնենք, որ 30 Նոյեմբերին ՀՀ ԱԺ մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարութիւն տարածած էր, որու մէջ նշուած է. «Վեհաժողովի յիսուներորդ յոբելեանական նիստի բացման սկզբում, երբ պատուիրակութիւնների անդամները մօտ մէկ ժամ սպասում էին դահլիճում, պարզուեց, որ բոլոր պատուիրակութիւնների ղեկավարները ՍԾՏՀ ԽՎ գլխաւոր քարտուղարի եւ Ուքրաինայի պատուիրակութեան ղեկավարի նախաձեռնութեամբ առանձնացել եւ ինչ-որ հարց էին քննարկում: Այդ քննարկմանը չէր հրաւիրուել միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավարը: Սա մենք որակում ենք իբրեւ վիրաւորանք ոչ միայն հայկական պատուիրակութեան, այլեւ բոլոր պատուիրակութիւնների եւ ընդհանուր կառոյցի հանդէպ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment