Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւն»ը կը Նախատեսէ Թռիչքներ Իրականացնել Հայաստան

«Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւն»ը կը Նախատեսէ Թռիչքներ Իրականացնել Հայաստան

by MassisPost

«Թրքական օդանաւային ընկերութեան» (THY)  գլխաւոր տնօրէն Իլքեր Այճըն յայտարարած է օդանաւային ընկերութեան նոր ուղղութիւններու նախագիծերուն մասին։

Թրքական «Airlinehaber» կայքի փոխանցմամբ, THY-ի ղեկավարը շեշտած է, թէ կը նախատեսեն թռիչքներ իրականացնել Հայաստան։ «Դէպի Հայաստան Թուրքիայէն միայն «Atlasglobal»ը թռիչքներ կ’իրականացնէ։ Կը նախատեսենք մենք ալ թռչիլ Հայաստան»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ այս տարի 1 յունիսէն սկսեալ, դէպի Հայաստան պէտք է թռչէր թրքական «լոուքոսթըր» «Պեկասուս» օդանաւային ընկերութիւնը, սակայն անհասկնալի պատճառներով այն չեղարկուած է։

Իսկ 2013 թուականի ապրիլէն «Նարեկավանք Թուրը»  կազմակերպած էր Երեւան-Վան ուղիղ թռիչք, սակայն վերջին պահին այդ ալ անհասկանալի պատճառներով չեղարկուած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment