Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Այս Տարի Բանակին Մէջ Մահացած է 56 Զինծառայող

Այս Տարի Բանակին Մէջ Մահացած է 56 Զինծառայող

by MassisPost

2017-ի յունուար-սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերու եւ  ԼՂ պաշտպանութեան բանակի մէջ մահացած է 46 զինծառայող: 46 զինծառայողներէն  29-ը ժամկէտային զինծառայողներ են, 17-ը՝ պայմանագրային:

Արձանագրուած մահուան դէպքերէն 17-ը տեղի ունեցած է ՀՀ-ի, 29-ը՝ ԼՂ-ի մէջ: Իսկ եթէ այս 46 դէպքին գումարուին նաեւ հոկտեմբեր եւ նոյեմբեր ամիսներու զոհերը, ապա դէպքերու քանակը կը  հատէ 56-ի շեմը:

Բանակի խնդիրներով զբաղուող «Զինուոր» համակարգող խորհուրդի նախագահ Մարկարիթա Խաչատրեանի կարծիքով 56 դէպքը շատ է, բայց պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի համար հասկնալի է:

«Ցաւում եմ, որ 11 ամսուայ մէջ 56 կորուստ ունենք, բայց քանի Ղարաբաղի խնդիրը չի լուծուել, մենք կ’ունենանք նոր կորուստներ: Ես վախի զգացողութիւն ունեմ, որ գնալով զոհերի թիւը կ’աճի»,- «ժամանակ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է տիկին Խաչատրեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment