Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Թուրքիոյ Փոխվարչապետ. Ուաշինկթըն Մտադիր է Անգարայի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Կիրառել

Թուրքիոյ Փոխվարչապետ. Ուաշինկթըն Մտադիր է Անգարայի Նկատմամբ Պատժամիջոցներ Կիրառել

by MassisPost

Ուաշինկթընի վերջնական նպատակը Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումն է։ Այդ մասին երէկ թրքական Kanal 24 հեռուստաընկերութեան եթերի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ:

Թուրք պաշտօնեայի խօսքով, Ուաշինկթըն այդ նպատակով կը փորձէ օգտագործել Միացեալ Նահանգներու մէջ նախնական կալանքի տակ գտնուող գործարար Ռեզա Զարապի գործը:

«Ամերիկացիները կ’ուզեն Զարապէն ցուցմունքներ կորզել Թուրքիոյ ղեկավարութեան դէմ: Անոնք կրնան ըսել Զարապին` «կամ դուն բանտը կը փտիս մինչեւ կեանքիդ վերջը, կամ ալ կը ստորագրես այն ամէնի տակ, ինչ մենք քեզ կը թելադրենք», – նշած է  Պոզտաղ:

Ռեզա Զարապ կը մեղադրուի թրքական կառավարութեան եւ պիզնեսի շարք մը ներկայացուցիչներու օգնութեամբ Իրանի հետ անօրինական առեւտուր ծաւալելու մէջ:

Զարապի իրականացուցած գործարքներու միջոցաւ պաշտօնական Թեհրանը կը կարենար շրջանցել միջազգային հանրութեան կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment