Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրովի Պաղ Ջուրը Ատրպէյճանի Վրայ

Լաւրովի Պաղ Ջուրը Ատրպէյճանի Վրայ

by MassisPost

Երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նոյեմբերի երկրորդ կէսին պիտի այցելէ Պաքու եւ ապա Երեւան, մամուլներու  մէջ կանխատեսումներ կը կատարուէին, որ Ռուսաստանի դիւանագիտութեան ղեկավարը տարածաշրջան կու գայ, հակամարտող կողմերունª   Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առջեւ դնելու ղարաբաղեան հարցի շուտափոյթ լուծման նոր տարբերակներ:

Նկատի ունենալով, որ այս այցելութիւնը կու գար Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ  Էրտողանի Մոսկուա այցելութենէն անմիջապէս ետք եւ նաեւ վերջին շրջանին Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու նկատելի սերտացման եւ Սուրիոյ հարցով  անոնց միջեւ ստեղծուած գործակցութեան լոյսին տակ, Հայաստանի մէջ կը տիրէր որոշ մտահոգութիւն, իսկ Պաքուի մօտ զգալի լաւատեսութիւն:

Լաւրովի Պաքուի եւ ապա Երեւանի մէջ  կատարած  յայտարարութիւնները սակայն, եկան տակնուվրայ ընելու  Ալիեւի կառավարութեան հաշիւները: Պաքուի մէջ նախ ան յայտարարեց, որ հակառակ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդիրներուն, երկու  երկիրներու  մօտեցումները նոյնանման են Ղարաբաղի հարցով: Այս յայտարարութիւնը ինքնին  կու գար հասկցնելու թէ, անընդունելի է տարածաշրջանի ապակայունացումըª զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու դիմելով: Իսկ, Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը, որ Ղարաբաղեան տագնապի բնոյթը շատ բարդ է եւ հարցը շուտով չի կրնար լուծուիլ, ինքնին եկաւ հաստատելու  որ, մեծ պետութիւնները հակուած  չեն արտաքին լուծումներ պարտադրելու կողմերուն եւ թէ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին նոյն ընթացքով:

Այսպիսով,  Լաւրովի այցելութիւնը  եկաւ պաղ ջուր թափելու Ատրպէյճանի երազներուն վրայ, մանաւանդ որ Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք եւս,  Թուրքիոյ նախագահը  յոռետեսութիւն յայտնած էր ըսելով, թէ  Փութինը  իրեն հասկցուցած է, որ ինք առանձնապէս մեծ յոյսեր չի կապեր հինգ շրջաններ Ատրպէյճանին վերադարձնելու հարցով:

Այս բոլորª ուղղակի եւ անուղղակի պատգամներէն ետք, Ալիեւին կը մնայ հետեւութիւններ ընել ու ճշդել իր առնելիք յաջորդ քայլերը: Աշխարհաքաղաքական  նոր պայմանները ե°ւ ժամանակը, Ատրպէյճանի օգտին չէ որ կը շարժին ներկայիս: Սակայն եւ  այնպէս, պէտք չէ բացառել նաեւ  անոր կողմէ նոր արկածախնդրութեան հաւանականութիւնը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment