Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը Արձագանգած է Լրագրողական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութեան

Արդարադատութեան Նախարարութիւնը Արձագանգած է Լրագրողական Կազմակերպութիւններու Յայտարարութեան

by MassisPost

«Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» նոր օրէնքի նախագիծի հանրային քննարկման ընթացքին Արդարադատութեան նախարարութիւնը լրագրողական կազմակերպութիւններէն որեւէ առաջարկ չէ ստացած, երէկ նման հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը՝ ի պատասխան լրագրողական կազմակերպութիւններու օրերս տարածած համատեղ յայտարարութեան, որով կազմակերպութիւնները մտահոգութիւն յայտնած էին օրինագիծի շուրջ։

Նախարարութիւնը նշած է, որ 20 նոյեմբերին լրագրողական կազմակերպութիւնները զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հրապարակած էին «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» նոր օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ յայտարարութիւն: Վերջինիս հեղինակները անդրադարձած էին կառավարութեան 16 նոյեմբերի նիստին «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» նոր օրէնքի նախագիծին եւ յարակից օրէնսդրութեան մէջ լրացումներ կատարելու օրինագիծերու փաթեթին հաւանութիւն տալու որոշման ու ներկայացուցած նախագիծի մշակման գործընթացի վերաբերեալ իրենց տեսանկիւնը, ըստ որուն՝ նախագիծի մշակման ընթացքը իրականացուած է ոչ թափանցիկ եւ նախագիծը ուղարկուած է կառավարութիւն՝ առանց հանրային քննարկման ներկայացնելու:

«Յայտարարութեամբ լրագրողական կազմակերպութիւնները կոչ էին անում կառավարութեանը, մասնաւորապէս, ստեղծել պետական կառոյցների մասնագէտներից ու անկախ փորձագէտներից բաղկացած աշխատանքային խումբ՝ ժամանակակից պահանջներին համապատասխանող օրինագիծ մշակելու նպատակով։ Չանդրադառնալով յայտարարութեան մէջ ներառուած մի շարք անհիմն մեղադրանքներին եւ ապատեղեկատուութեանը, Արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» նոր օրէնքի նախագիծը, որի մշակումը պայմանաւորուած էր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով, պատրաստուել է Արդարադատութեան նախարարութեան կողմից եւ սահմանուած կարգով (ՀՀ «Իրաւական աքթերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 27.1-ին յօդուածի 4-րդ մասը, կառավարութեան 25 մարտի 2010 թուականի N 296-ն «Հանրային քննարկումների կազմակերպման եւ իրականացման կարգը հաստատելու մասին» որոշում) դրուել է հանրային քննարկման իրաւական աքթերի նախագծերի հրապարակման միասնական կայքում՝ https://www.e-draft.am/projects/141: Հարկ է նշել, որ հանրային քննարկման ընթացքում, ինչպէս նաեւ դրանից յետոյ՝ առ այսօր, նախագծի վերաբերեալ որեւէ դիտողութիւն կամ առաջարկութիւն Արդարադատութեան նախարարութիւնը չի ստացել», – յայտնած է նախարարութիւնը։

«Այնուամենայնիւ, հաշուի առնելով, որ նախարարութիւնը մշտապէս կարեւորել է հանրային կարծիքը օրինաստեղծ գործընթացում, օրէնքի նախագծի վերաբերեալ դիտողութիւն կամ առաջարկութիւն ստանալու դէպքում, պատրաստ է դրանք քննարկել», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment