Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատգամաւորներ «Ե՞րբ Պիտի Աւարտի Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Շինարարութիւնը»

Պատգամաւորներ «Ե՞րբ Պիտի Աւարտի Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Շինարարութիւնը»

by MassisPost

«Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհի կառուցման թեման Հայաստանի խորհրդարանէն ներս բուռն քննադատութեան պատճառ դարձած է:

Պատգամաւորները բարձրացուցած են աւանդական հարցը՝ ի վերջոյ ե՞րբ պիտի աւարտի ճանապարհի կառուցումը: Մօտ մէկ ժամ տեւած քննարկման ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչ Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու փոխնախարար Գագիկ Գրիգորեանը այդպէս ալ յստակ պատասխան չէ հնչեցուցած։

Պատգամաւորներու խաչաձեւ հարցերուն կառավարութեան ներկայացուցիչը կը շարունակէր խուսափողական պատասխաններ տալ։ Փոխարէնը ան բարձրացուցած է ճանապարհի երկու հատուածներու համար նախատեսուած վարկի օգտագործման ժամկէտները երկարաձգելու հարցը՝ պատճառաբանելով, թէ ճանապարհի համար անհրաժեշտ հողերու օտարման հարցով ձգձգումներ եղած են․ – «935 հողատարածքներից մօտաւորապէս 15 տոկոսի սեփականութեան իրաւունքը օտարւում է դատական որոշումների հիման վրայ: Եւ այդ դատական որոշումներում եղել են նաեւ օպեքթիւ (առարկայական պատճառներով) յետաձգումներ՝ կապուած սեփականատէրերի՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում չգտնուելու հետ»:

Պատգամաւորները չէին յանձնուիր, կը պահանջէին, որ պաշտօնեան յստակ ամսաթիւ ըսէ՝ ի վերջոյ ե՞րբ պիտի աւարտի հիւսիս-հարաւ ճանապարհի շինարարութիւնը։

«Ծառուկեան» դաշինքէն պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեան չէ կրցած զսպել զայրոյթը, եւ միայն անկէ ետք է, որ Կառավարութեան ներկայացուցիչը յստակ թիւ ըսած է․ – «Ծրագրի աւարտը նախատեսւում է իրականացնել 2019 թուականի երրորդ եռամսեակում»:

Պարզուած է, սակայն, որ 2019-ն ալ վերջնական թիւ չէր․ պաշտօնեան նշած էր ոչ թէ ամբողջ ճանապարհի, այլ ընդամէնը երկու առանձին հատուածներու կառուցման վերջնաժամկէտը։

«Ծառուկեան» դաշինքէն Վահէ Էնֆիաճեանը փորձած է հարցին այլ կողմէ մօտենալ։ Փոխնախարարին սկսած է բացատրել, թէ որքան կարեւոր է ճանապարհը․ – «Հայաստանի Հանրապետութեան համար սա կարեւորագոյն ծրագիր է, եւ տարիներ շարունակ ինչ-ինչ պատճառներով, որը որ մի քանի րոպէ ա տեւում Ձեր կողմից որպէս զեկոյց եւ ներկայացում, ասւում է, որ ծրագիրը պէտք է յետաձգուի»:

Մինչ պատգամաւորները կը յայտարարէին, որ մօտ 1.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագրի շուրջ անհասկնալի անորոշութիւն կայ՝ փոխնախարար Գագիկ Գրիգորեանը կը շարունակէր պնդել, որ ճանապարհի կառուցման յետաձգումները առարկայական են, եւ նոր փաստարկներ կը բերէր․ – «Շինարարական աշխատանքների ընթացքում յայտնաբերուել է 2-րդ հազարամեակի պատմամշակութային արժէքներ, որով պայմանաւորուած իրականացուել է ճանապարհի 8 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածի վերանախագծում»:

Տիգրան Ուրիխանեանն ըսած է, որ վարկային ծրագիրով միլիոնաւոր տոլարներ վճարուած են խորհրդատուութեան համար, ինչո՞ւ անոնք չեն կանխատեսած, որ նման խնդիրներ կրնային առաջանալ․ – «Չե՞ն եղել մարդիկ ուղեղով, որոնք կը հաշուարկեն, կը մատուցեն»:

Վերահսկողութեան հարցը եւս բարձրացուած է: Փոխնախարարը արձագանգած է, որ որակը միշտ կը վերահսկեն, եւ ճանապարհի մէկ հատուածը փոխադրութեան նախարարի յանձնարարականով պիտի վերակառուցեն, քանի որ որակը լաւ չէր։

Դաշնակցութենէն Արմէնուհի Կիւրեղեան հետաքրքրուած է, թէ ինչ ազդեցութիւն ունին նման ենթակայական պատճառները ճանապարհի կառուցման յետաձգման վրայ։

Փոխնախարարը պատասխանած է․ – «Եթէ փորձեմ շատ մօտաւոր գնահատական հնչեցնել, ապա օպեքթիւը (առարկայականը) 95 տոկոս, սուպեքթիւը (ենթակայականը)՝ 5 տոկոս»:

«Ելք» դաշինքէն Արամ Սարգսեան Կառավարութեան ներկայացուցիչին յիշեցուցած է, որ սա ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիր է եւ քննադատած է իշխող ուժին․ – «Իսկ այդ ճանապարհի որակի մասով մեր եւ յարգարժան Հանրապետական կուսակցութեան անդամների տեսակէտները տարբերւում են մի պարզ պատճառով․ որովհետեւ էս երկրում ամէն ինչ արւում է էն որակով, որով իրականացւում են համապետական ընտրութիւնները»:

Քննարկման աւարտին փոխնախարարը պատգամաւորներուն եզրափակիչ ելոյթով չէ ուզած արձագանգել։ Ան այդպէս ալ չէ ըսած, թէ երբ պատրաստ կ’ըլլայ «Հիւսիս-հարաւ»ը ամբողջութեամբ։

Քուէարկութեան ժամանակ «Ելք» եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնները դէմ քուէարկած են, Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը՝ կողմ։ Արդիւնքը՝ 55 կողմ, 30 դէմ ձայներով հարցը ընդունուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment