Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նալպանտեան․ Հնարաւոր է Արդիւնքներու Հասնիլ, Եթէ Ատրպէյճան Աչալուրջ Ըլլայ Եռանախագահներու Մօտեցումներուն

Նալպանտեան․ Հնարաւոր է Արդիւնքներու Հասնիլ, Եթէ Ատրպէյճան Աչալուրջ Ըլլայ Եռանախագահներու Մօտեցումներուն

by MassisPost

Երեւան ու Պաքու Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցին ընդառաջ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ հնարաւոր է արդիւնքներու հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը քիչ մը աւելի աչալուրջ ըլլայ եռանախագահներու մօտեցումներուն:

Երեւան գտնուող Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրանի հետ երէկ կայացած համատեղ ասուլիսի ժամանակ, «Ազատութեան» թղթակիցը Էտուարտ Նալպանտեանին հարցուցած է՝ յառաջիկայ օրերուն սպասուող Սերկէյ Լաւրովի տարածաշրջանային այցէն ետք պիտի կայանայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, հնարաւո՞ր է, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ղարաբաղեան կարգաւորման նոր առաջարկներ բերէ:

Նալպանտեան պատասխանած է․ – «Ինչ վերաբերւում է ինչ-որ առաջարկների, գիտէք, հեծանիւ հնարելը այս կարգաւորման գործընթացում դժուար է: Այս բոլոր տարիների ընթացքում բազմաթիւ աշխատանքային փաստաթղթեր ենք քննարկել, բայց իրականութեան մէջ հենքը այս բանակցային գործընթացի նոյնն է մնում, որի մասին մենք բազմիցս ասել ենք: Եւ եթէ Ատրպէյճանը մի փոքր աւելի աչալուրջ լինի այն կոչերին, այն մօտեցումներին, որը եռանախագահող երկրները միջազգային հանրութեան կողմից ներկայացնում են որպէս հիմնախնդրի կարգաւորում, ապա առաւել հնարաւորութիւններ կը բացուեն՝ այս գործընթացը առաջ տանել եւ արդիւնքներ ունենալ»:

Նալպանտեան ընդգծած է, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցը Երեւան կը վերաբերի  հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու խորացման․ – «Հարցերի շրջանակը շատ լայն է, որովհետեւ մենք, ինչպէս յայտնի է, ունենք դաշնակցային յարաբերութիւններ, եւ դրանով արդէն շատ բան է ասուած: Այսինքն դա բազմաշերտ, բազմաբովանդակ եւ խորը յարաբերութիւններ են, համագործակցութիւն է, եւ մենք ջանք չենք խնայում, որ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդուեն եւ առաւել զարգանան: Եւ դրան է ուղղուած լինելու Լաւրովի այցելութիւնը»:

16 նոյեմբերին յայտնի դարձած էր, որ յաջորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի վերջնական հռչակագիրը կրկին յայտնուած է փակուղիի առաջ՝ ղարաբաղեան խնդրի պատճառով:

Այս առնչութեամբ Նալպանտեան ըսած է․ – «Այստեղ աւելի շուտ պէտք է խօսել ոչ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ տարբեր մօտեցումների մասին, որոնք յայտնի են, այլ կարելի է խօսել Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան, Ատրպէյճանի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ մօտեցումների տարբերութեան մասին: Այդ տարբերութիւնը բազմիցս ակնյայտ է եղել եւ նախորդ գագաթնաժողովների ժամանակ, նաեւ՝ Արեւելեան գործընկերութեան: Եւրոմիութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ մշտապէս նոյնն է եղել՝ ի աջակցութիւն եռանախագահող երկրների ջանքերին եւ մօտեցումներին: Ինչ վերաբերւում է այդ հռչակագրին, ապա բանակցութիւնները շարունակւում են եւ մինչեւ որ բանակցութիւնները չեն վերջացել, ինչ-որ բանի մասին այսօր յայտարարելը այդ հռչակագրի վերաբերեալ դեռ վաղաժամ է: Մի քանի օր դեռ կայ, տեսնենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment