Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սարգսեանը եւ Փութինը Քննարկած են Ղարաբաղեան Գործընթացը

Սարգսեանը եւ Փութինը Քննարկած են Ղարաբաղեան Գործընթացը

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանը եւ Վլատիմիր Փութինը երէկ Քրէմլինի մէջ քննարկած են ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Մանրամասներ, սակայն, ոչ Սարգսեանի, ոչ ալ Փութինի մամլոյ գրասենեակները չեն փոխանցած:

Յիշեցնենք, 13 Նոյեմբերին Ռուսաստանի նախագահը Սոչիի մէջ հանդիպած էր Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողանի հետ: Էրտողան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Փութինի հետ պիտի քննարկէ ղարաբաղեան խնդիրը: Ղարաբաղի մասին, սակայն, Սոչիի մէջ բանակցութիւններէն ետք ոչ Փութինը, ոչ ալ Էրտողանը չեն խօսած:

Եկող շաբաթ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը պիտի այցելէ Երեւան եւ Պաքու: «Պիտի փորձենք հասկնալ՝ ուր կը գտնուինք ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերու ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու վերջերս կայացած հանդիպումէն ետք», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Յիշեցնենք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպած էին անցեալ ամիս Ժընեւի մէջ:

14 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, երէկ ալ հանդիպած են Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Էլմար Մամետիարովի հետ:

15 Նոյեմբերին Քրէմլինի մէջ հանդիպման ժամանակ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգը եւ երկկողմ միջպետական կապերու յետագայ ամրապնդումն ու զարգացումը:

Անոնք անդրադարձած են նաեւ աւելի վաղ, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի նախագահի մարտին կայացած այցի ծիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան:

Հանդիպումէն ետք Սարգսեան եւ Փութին Թրեթեաքովեան պատկերասրահին մէջ բացած են Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերը: Աշխարհի ամենայայտնի պատկերասրահներէն մէկուն մէջ բացուած է հայ մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի ցուցահանդէսը:

Վլատիմիր Փութին Սերժ Սարգսեանին յանձնած է ռուս յայտնի նկարիչ Միխայիլ Վրուպելի «Դեւը եւ հրեշտակը Թամարի հոգիին հետ» կտաւը, որ Հայաստանէն գողացուած էր 1995 թուականին: Հայաստանին այդ նկարը փոխանցելու մտադրութեան մասին Ռուսաստանի նախագահը յայտնած էր այս տարուայ 15 մարտին՝ Մոսկուայի մէջ հայ գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment