Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արեւելեան Գործընկերութեան Գագաթնաժողովի Հռչակագիրը՝ Փակուղի Առջեւ․ Պատճառը Կրկին Ղարաբաղեան Խնդիրն է

Արեւելեան Գործընկերութեան Գագաթնաժողովի Հռչակագիրը՝ Փակուղի Առջեւ․ Պատճառը Կրկին Ղարաբաղեան Խնդիրն է

by MassisPost

Յաջորդ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի վերջնական հռչակագիրը կրկին յայտնուած է փակուղիի առաջ՝ ղարաբաղեան խնդրի պատճառով: Մինչ այս պահը պաշտօնական Երեւանն ու Պաքուն դեռ համաձայնութեան չեն եկած հակամարտութեան վերաբերող ձեւակերպումներու շուրջ, այն պարագային, երբ փաստաթուղթի մնացեալ գրութիւնը ամբողջութեամբ համաձայնեցուած է, Պրիւքսէլէն հաղորդած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի թղթակից Ռիքարտ Եոզվիակը:

«Երէկ Եւրոմիութեան անդամ բոլոր 28 երկիրներու դեսպանները համաձայնութեան եկած են հռչակագիրի շուրջ՝ բացի մէկ պարբերութենէն, որ կը վերաբերի տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն: Եւրոմիութեան անդամ երկիրները բաց թողած են այս մասը, քանի որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ’ուզեն գրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող ձեւակերպումներ մտցնել, որոնք ակնյայտօրէն կը հակասեն իրար: Ըստ էութեան, հռչակագիրը պատրաստ է, եւ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը  դեռ կը պայքարին Ղարաբաղին վերաբերող ձեւակերպումներուն շուրջ»,- ըսած է Եոզվիակը:

Ըստ «Ազատութեան» թղթակիցին, Պրիւքսէլի մէջ այժմ բաւական մտահոգուած են: Երկու տարի առաջ, կրկին ղարաբաղեան խնդրի շուրջ տարաձայնութիւններու պատճառով, հռչակագիրի ընդունումը յայտնուած էր տապալման վտանգի տակ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, չկարենալով առաջ տանիլ Պաքուի նախընտրած ձեւակերպումները, հրաժարած էր գագաթնաժողովին մասնակցելէն, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովն ալ ժամեր շարունակ չէր ստորագրած հռչակագիրը եւ անգամ լքած էր նիստերու դահլիճը՝ Եւրոմիութեան առաջնորդներուն թողելով անորոշութեան մէջ:

«Եւրոմիութիւնը լուրջ մտավախութիւն ունի, քանի որ այստեղ լաւ կը յիշեն 2015-ի գագաթնաժողովը, ուր այս հարցի շուրջ վէճը շարունակուեցաւ հանդիպման սկիզբէն մինչեւ վերջ: Ալիեւ նոյնիսկ հրահանգած էր չստորագրել վերջնական հռչակագիրը, ինչի արդիւնքով փաստաթուղթի ընդունումը մի քանի ժամ ուշացաւ: Այս հարցը կրնայ կրկին տրամայի վերածուիլ, Սարգսեանն ու Ալիեւը թերեւս հրաժարին ստորագրել փաստաթուղթը՝ ղարաբաղեան խնդրի շուրջ ձեւակերպումներու կամ անոնց բացակայութեան պատճառով», – հաղորդած է «Ազատութեան» Պրիւքսէլի թղթակիցը:

Եւրոպացի դիւանագէտները անանուն մնալու պայմանով «Ազատութեան» փոխանցած են, որ այս անգամ, իրադարձութիւններու նման սենարէն խուսափելու համար, Պրիւքսէլը որոշած էր անուանական չառանձնացնել առկայ հակամարտութիւններն ու սահմանափակուիլ ընդհանուր ձեւակերպմամբ: Հռչակագիրի՝ «Ազատութեան» տրամադրութեան տակ յայտնուած նախնական տարբերակը, մասնաւորապէս, առանց այս կամ այն խնդիրը հասցէական նշելու, կոչ կ’ընէ աշխուժացնել ջանքերը հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշերու հիման վրայ: «Հակամարտութիւններու կարգաւորումը, վստահութեան կառուցումը եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները առանցքային նշանակութիւն ունին տնտեսական ու ընկերային զարգացման համար», – ըսուած է փաստաթուղթին մէջ: Թէ յատկապէս որ ձեւակերպման կ’ընդդիմանան Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, կամ ինչ կը փորձեն աւելցնել՝ յստակ չէ:

«Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան փոխանցած է, որ «այդ հարցի շուրջ բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին, ուստի չի կրնար մանրամասներ հաղորդել»:

Երկու տարի առաջ, Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովէն ետք , Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, սակայն, որոշ մանրամասներ փոխանցած էր «Ազատութեան»: Հրայր Թամրազեանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ, մասնաւորապէս, Էտուարտ Նալպանտեան պնդած էր, որ Պաքուն դէմ էր, որ Եւրոմիութիւնը համատեղ հռչակագիրին մէջ մատնանշէ ղարաբաղեան խնդրի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի ղեկավարներու յայտարարութիւնները, ուր կ’ամրագրուէր, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment