Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իրանի Հետ Մեր Լաւ Յարաբերութիւնները Խոչընդոտ Չեն Իսրայէլի Հետ Մեր Յարաբերութիւններուն». ԱԳՆ Նալպանտեան

«Իրանի Հետ Մեր Լաւ Յարաբերութիւնները Խոչընդոտ Չեն Իսրայէլի Հետ Մեր Յարաբերութիւններուն». ԱԳՆ Նալպանտեան

by MassisPost

Իսրայէլական i24 news հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ժամանակ ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալպանտեան խօսած է Իրանի եւ  Իսրայէլի հետ Հայաստանի   յարաբերութիւններու մասին:

Լրագրողի հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Իրանի դերը Մերձաւոր Արեւելքի եւ տարածաշրջանի մէջ, Նալպանտեան պատասխանած է. «Մենք ունենք լաւ յարաբերութիւններ հարեւան Իրանի հետ, համագործակցում ենք տարբեր ոլորտներում։ Հաշուի առէք, որ միւս երկու հարեւան երկրների՝ Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի հետ ունենք փակ սահմաններ։ Իրանը, Վրաստանը այն երկու հարեւաններն են, որոնց հետ մենք ունենք ոչ միայն բնականոն յարաբերութիւններ, այլ նաեւ լաւ համագործակցութիւն։ Եւ մենք ջանքեր ենք գործադրում մեր երկկողմ փոխգործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ»:

Իսկ այդ մէկը չի՞ խոչընդոտեր հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, հարցին ալ արձագանգած է. «Ես չեմ կարծում, որ դա խոչընդոտ է Իսրայէլի հետ մեր երկկողմ յարաբերութիւններում, ինչպէս որ խոչընդոտ չեն Իսրայէլի յարաբերութիւնները Հայաստանի հարեւան որեւէ երկրի հետ»:

Ինչ կը վերաբերի այն բանին, որ Իսրայէլի մէջ չկայ Հայաստանի դեսպան, Հայաստանի ԱԳ նախարարը նշած է. «Մեր կարծիքը շատ յստակ է. Իսրայէլի կողմից Հայաստանում դեսպանութիւն բացելուն պէս, մենք փոխադարձութեան սկզբունքով դեսպանութիւն կը բացենք Իսրայէլում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment