Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Մէջ Պղծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը

Ֆրանսայի Մէջ Պղծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը

by MassisPost

Ֆրանսայի  Վիէն  քաղաքին   մէջ  պղծուած  է   Հայոց Ցեղասպանութեան  նուիրուած  յուշակոթող  մը: Այս մասին  լուրը գրած է ֆրանսական  « fr 3» կայքը:  Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը  տեղի ունեցած է երկու  օր առաջ  եւ պղծման ստոր  արարքին  վերաբերեալ  ոչ  մէկ  յստակ  տեղեկութիւն չի փոխանցուիր:  Ֆրանսական աղբիւրը դէպքին  մասին մէջբերած է  Ֆրանսայի հայկական միութիւններու համակարգող մարմնին՝ CCAF -ին այս  առթիւ հրապարակած  դատապարտման գիրը, ուր կ’ըսուի թէ«նուաստացուցիչ  արարքը     կապ ունի  Հայոց Ցեղասպանութեան   փաստը  ժխտելու Անգարայի ծրագրեալ  քաղաքականութեան հետ, ինչպէս նաեւ  հասարակութեան  մէջ ատելութեան  սերմանելու մօտեցումներուն  հետ»: Հայկական մարմինը Ֆրանսական իշխանութիւններէն պահանջած է   արագօրէն  դատապարտել    եղածը  եւ զգօն ըլլալ  նման  անմարդկային արարքներու համար:

Կը  նշուի, որ դէպքին մասին առաջին անգամ արձագանգած է Վիէն  քաղաքի  վարչական  խորհուրդի անդամ  Էրուան Պինէն, որ   իր   դիմատետրի էջին վրայ   դէպքին մասին դատապարտման գրառում մը  կատարելով յայտնած է,  թէ ինք եւս «ցնցուած  ու վախցած է  արարքէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment