Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձեւաւորուած է «Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատ

Ձեւաւորուած է «Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատ

by MassisPost

Տեւական ժամանակ կը խօսուէր, որ պէտք է ստեղծուի Ազգային դիմադրութեան ճակատ։ Այդ նպատակով ընդդիմադիր տարբեր գործիչներ կը կազմակերպէին հանդիպումներ, հաւաքներ։

Օրերս «Յանուն Հայաստան Պետութեան» ճակատի նախաձեռնող խումբը ընդունած է հռչակագիր։ Հռչակագիրը ստորագրած են հասարակական, քաղաքական, մշակութային յայտնի գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Սփիւռքէն։

Այդ առթիւ մամլոյ ասուլիս  հրաւիրած էին Ալեք Ենիգոմշեանը, դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեանը, Արմէն Յովհաննիսեանը եւ Դաւիթ Սանասարեանը։
Ալեք Ենիգոմշեանը նշած է, որ այդ հռչակագիրի շուրջ համախմբուած են ժողովուրդի կողմէն չմերժուած մարդիկ։ Ան կարծիք յայտնած է, որ պիտի ստեղծուի վստահութեան մթնոլորտ, մեր քաղաքացիները պիտի կազմակերպուին։

Անդրադառնալով իշխանութիւններուն, Ալեք Ենիգոմշեան ըսած է, որ անոնք չեն կրնար իրավիճակը փոխել, եւ պէտք է ապահովել քաղաքացիական զօրաշարժ։ Ան համոզմունք յայտնած է, որ ժողովուրդին կարելի է հանել անելանելիութեան վիճակէն։

Դաւիթ Սանասարեան նկատած է, որ թէեւ կան ընդդիմադիր ուժեր, սակայն անոնք չեն կրնար յայտ ներկայացնել։ Ան ըսած է, որ ամէն օր Արցախի հարցով կրնայ իրականացուիլ խայտառակ քաղաքականութիւն։ Եւ, ըստ անոր, պէտք չէ թոյլ տալ, որ անոնք իրականացնեն այդ քաղաքականութիւնը։ Ան յիշեցուցած է, որ այդ նախաձեռնութեան միացած են հասարակական, քաղաքական, մշակութային գործիչներ։
Թամար Յովհաննիսեանն ալ ըսած է, որ այդ ողջ ճանապարհային քարտէզի մէջ ինք կը կրէ գործողութեան բաժինը։ Ըստ անոր, իրենք պէտք է աշխոյժ քայլեր կատարեն, մասնակցին դատավարութիւններու։ Դերասանը ըսած է, որ իրենց շրջանակը պէտք է ընդլայնուի, մարզերուն մէջ պէտք է ստեղծուին բջիջներ, եւ որոշակի քայլեր պէտք է առնուին՝ ժողովուրդին համախմբելու համար։ Ան յիշեցուցած է, որ իրենք կ’աշխատին փաստաբաններու, իրաւապաշտպաններու հետ։ Թամար Յովհաննիսեան ըսած է, որ հռչակագիրին միացած են նաեւ սփիւռքէն, որոնք կրնան հարկ եղած պարագային աջակցիլ իրենց։

Արմէն Յովհաննիսեանն ալ ըսած է, որ իրենց նպատակը զանգուածային շարժում ստեղծելն է։ Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ հարց հնչած է այն մասին, թէ ինչպէս կը պատրաստուին համախմբել այն ժողովուրդը, որ ընտրակաշառքով ընտրեց ՀՀԿ-ին։ Ասուլիսին մասնակիցները ըսած են, որ պէտք չէ մեղադրել ժողովուրդը, քանի որ անոր հասցուցած են այդ վիճակին։ Արմէն Յովհաննիսեանը ըսած է, որ պէտք է ձեռք մեկնել քաղաքացիին, քանի որ ան տարբեր ժամանակներու ընթացքին պայքարած է։

Թամար Յովհաննիսեանն ալ նկատած է, որ ժողովուրդը տարբեր մեթոտներով պայքարած է եւ ենթարկուած բռնութեան, ինչի պատճառով դժուար պիտի ըլլայ անոր ոտքի հանելն ու յոյս ներարկելը։

Hraparak.am-ը նկատած է, որ տարիներ շարունակ ընդդիմադիր առաջնորդները ժողովուրդին խոստումներ տուած են, դուրս բերած փողոց, ինչի արդիւնքով եղած է հիասթափութիւն, պարտութիւն։

Ի՞նչ ճանապարհ կ’առաջարկեն «Յանուն Հայաստան Պետութեան» նախաձեռնող խումբի անդամները, որպէսզի ժողովուրդին պարտութեան չտանին։
Ալեք Ենիգոմշեան ըսած է, որ իրենք դեռ ամէն ինչ յստակեցնելու կարիք ունին, այդ առումով իրենք բաց են։

Ան նշած է միայն, որ իրենք ընտրած են իշխանութիւններու հետ չհամագործակցելու սկզբունքը, վերջնական նպատակի համար պայքարը։ Արմէն Յովհաննիսեանն ալ նկատած է, որ նախկին պարտութիւնները որեւէ դրական բան չեն տուած ժողովուրդին, իրենք կը պատրաստուին պայքարիլ ոչ թէ որեւէ առաջնորդի, կուսակցութեան համար, այլ՝ սկզբունքի։ Ան հաւաստիացուցած է, որ իրենք դիւանագիտութիւն պիտի չխաղան, ինչը մինչ օրս քաղաքական դաշտի մէջ յանգեցուցած է աղետալի վիճակի։ Իսկ հռչակագիրը ստորագրած անձինք, ըստ անոր, համախմբուած են այդ սկզբունքներու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment