Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան. Այսօր Ատրպէյճանը Վերահսկողները կը Կարծեն, որ Կրնան Վերաշարադրել Պատմութիւնը

Նալպանտեան. Այսօր Ատրպէյճանը Վերահսկողները կը Կարծեն, որ Կրնան Վերաշարադրել Պատմութիւնը

by MassisPost

«Ցաւալի է, որ որոշ պետութիւններ կրթութիւնը կ’օգտագործեն հակադիր նպատակներով` ատոր միջոցով ազգայնական ատելութիւն սերմանելով, յատկապէս երիտասարդներուն մէջ»,- ըսած է Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Փարիզի մէջ գումարուող ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) 39-րդ գլխաւոր համաժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:

ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, Նալպանտեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի դասագիրքերուն մէջ բազմաթիւ նման օրինակներ կան. ատոնցմէ մէկը երեխաներուն կը սորվեցնէ, որ հայերը իրենց ծննդաբանական թշնամիներն են:

«Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի 2016-ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ «Ատրպէյճանի քաղաքական առաջնորդները, կրթական հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակած են հայերու նկատմամբ ատելութեամբ լի կոչեր հնչեցնել. Ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ մը մեծցած է` անսալով ատելութեան այս հռետորաբանութեան»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կանոնադրութեան մէջ արդարացիօրէն ամրագրուած է, որ «պատերազմները կը սկսին մարդոց ուղեղներուն մէջ»: Հասարակութիւնները պատրաստ չեն ըլլար հաշտեցման, եթէ անոնց գիտակցութեան մէջ չամրագրուի խաղաղութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը»,-ըսած է  Նալպանտեան:

Ան յիշեցուցած է գերմանացի յայտնի գրող Հայնրիխ Հայնէի խօսքը`  «Այնտեղ, ուր գրքեր կ՛այրուին, վերջաւորութեան մարդիկ պիտի այրուին. «Ատրպէյճանցի յայտնի վիպասանի գիրքերը կրակի մատնուեցան Պաքուի փողոցներուն մէջ միայն այն պատճառով, որ ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէր հայերու կոտորածներուն մասին եւ հաշտեցման կոչ ըրած էր: Ան ներկայացուցած էր Նախիջեւանի մէջ իր հայրենի գիւղի պատմութիւնը, որ իր մանկութեան տարիներուն ունէր տասներկու հայկական եկեղեցիներ: Անոնք բոլորը` Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին առկայ հայկական բազմաթիւ այլ սրբավայրերու ու գերեզմանատուներու հետ մէկտեղ, ոչնչացուած են 1990-ական եւ 2000-ական թուականներուն: Նոյն կերպով Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր նրբազարդ միջնադարեան խաչքարեր հողին հաւասարեցուած են ատրպէյճանական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ: Այդ տարածքը այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի»:

Ան յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած էթնիկ զտումներէն ետք, այժմ Պաքուն նպատակ դրած է ջնջել հայերու` քանի մը հազարամեայ ներկայութեան մասին նոյնիսկ յիշողութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեղաբնիկ հայ մշակոյթի եւ պատմութեան որեւէ հետք:

«Պաքուն կը ջնջէ անցեալը այն պատճառով, որ ան չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի կողմէ իրեն համար յօրինուած երեւակայական ներկային, հաւանաբար, հետեւելով Ճորճ Օրուելի յայտնի խօսքերուն` «Ով կը վերահսկէ ներկան, կը վերահսկէ անցեալը»: Անոնք, որոնք այսօր կը վերահսկեն Ատրպէյճանը, կը կարծեն, որ կրնան վերաշարադրել պատմութիւնը` օրինականացնելու համար իրենց ներկայիս անհանդուրժողական քաղաքականութիւնը»:

Խօսելով պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութեան մասին նախարար Նալպանտեան նշած է. «Պատմականօրէն գտնուելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին, Հայաստանը ձեւաւորած է այլ մշակոյթներու եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքի եւ համակեցութեան խոր արմատներ ունեցող աւանդոյթներ: Ահա թէ ինչու Հայաստանի մէջ կը պահպանուի հարուստ մշակութային ժառանգութիւն, որ ի թիւս այլոց, կը ներառէ հելլենիստական դարաշրջանի տաճար, հնագոյն եկեղեցիներ, միջնադարեան հրէական գերեզմանատուն, 18-րդ դարու մզկիթ, իսկ շուտով այստեղ պիտի աւարտի աշխարհի ամենամեծ եզիտիական տաճարի կառուցումը»:

Նշենք, որ համաժողովին կը մասնակցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անդամ 195 երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, որոնք պէտք է հաւանութեան արժանացնեն կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ծրագիրը, պիւտճէն եւ հաստատեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր տնօրէնի թեկնածութիւնը: Համաժողովի ընթացքին նախատեսուած են նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավար մարմիններու ընտրութիւնները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment