Անցեալ շաբաթ հրապարակուեցան Ամերիկայի նախագահ Ճոն Քէնէտիի սպանութեան առնչուող եւ մինչեւ օրս գաղտնի պահուող արխիւներու մէկ մասը եւս:
Հրապարակուած փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ, Էֆ.Պի.Այ-ի (FBI) այդ օրերու տնօրէն Ճէյ Էտկար Հուվըր, տեղեկանալէ ետք որ, նախագահ Քենետին սպաննող` Լի Հարվի Օզուալտ, մէկ բանտէն միւսը փոխադրուելու ընթացքին ինք եւս սպաննուած է, թելադրած է քայլեր ձեռք առնել, համոզելու համար Ամերիկացի ժողովուրդը, որ նախագահի սպանութիւնը մէկ անհատի գործն էր:
Անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Հոկտեմբեր 27»-ի ոճրագործութեան տարելիցը: 1999 թուականի Հոկտեմբերի 27-ին զինեալ յարձակում տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի վրայ: Սպաննուեցան երկրի փաստացի ղեկավարները` Խորհրդարանի նախագահ Կարէն Տեմիրճեան եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեան: Նոյնպէս զոհուեցան խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեան եւ Ռուբէն Միրոյեան, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեան, Միքայէլ Քոթանեան, Հենրիկ Աբրահամեան եւ նախարար Լեոնարտ Պետրոսեան:
Այդ օրը, իշխանութեան ողջ մնացող ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Խորհրդարանի վրայ յարձակում գործած խմբակի ետին ոչ մէկ այլ կուսակցութիւն կամ ուժ չկար եւ թէ անոնք գործած էին առանձին: Այս հաւաստիացումը ընելու պահուն, Նայրի Յունանեանի գլխաւորած ահաբեկչական խումբի անդամները տակաւին չէին յանձնուած, զոհերու դիակները կը մնային գետինը, իսկ Ռոբերդ Քոչարեան մեկնած էր Խորհրդարան «բանակցելու» համար Յունանեանին հետ` որպէսզի անձնատուր ըլլան:
Հետագային տեղի ունեցած դատավարութեան ընթացքին, իշխանութիւններուն կողմէ աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի չբացայայտուին ոճրագործութեան ծալքերը, պատուիրատուներ ի յայտ չգան ու ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցուի ահաբեկչական խումբի անդամներուն վրայ:
54 տարիները անցած են եւ Ամերիկայի ժողովուրդի մէկ մասը տակաւին չեն համոզուած, որ նախագահ Քէնէտիի սպանութիւնը մէկ անձի գործն էր:
Նոյնպէս, 18 տարիներ ետք Հայաստանի ժողովուրդը տակաւին չէ ընդունած, որ «Հոկտեմբեր 27»-ը անհատներու գործն էր եւ ընդհակառակը` համոզուած է որ, պատահածը պետական յեղաշրջում մըն էր, որ երկիրը հասցուց այսօրուայ վիճակին:
«ՄԱՍԻՍ»