2018 Մայիսին Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհըրդարանական ընտրութիւններ:
Համաձայն խորհրդարանի նոր օրէնքին, արտերկիր ապրող լիբանանցիներուն իրաւունք պիտի տրուի իրենց բնակած երկիրներուն մէջ մասնակցելու այդ ընտրութիւններուն:
Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք արտերկիր ապրող լիբանանահայերուն` առցանց արձանագրուելու հետեւեալ կայքէջ մուտք գործելով. www.diasporavote.mfa.gov.lb
Արձանագրութեան ժամկէտը կ’աւարտի 20 Նոյեմբեր 2017-ին
Ս.Դ.Հ.Կ. Ընտրական Կեդրոնական Գրասենեակ