Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Պէտք է Ապացուցէ Ժողովրդավարական Արժէքներուն իր Հաւատարմութիւնը. ԵԱՀԿ ԽՎ Փոխնախագահ

Ատրպէյճանը Պէտք է Ապացուցէ Ժողովրդավարական Արժէքներուն իր Հաւատարմութիւնը. ԵԱՀԿ ԽՎ Փոխնախագահ

by MassisPost

Ատրպէյճանը պէտք է մնայ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ եւ ապացուցէ իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն: Այս մասին «haqqin.az»-ին ըսած է ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, Շուէտի խորհրդարանի «Մոտըրէյթ»  կուսակցութենէն պատգամաւոր Մարկրեթ Սեթըրֆըլտ, որ Եւրոպայի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները շատ կարեւոր կը համարէ:

«Վերջին շրջանին մեզ չեն կրնար չհիասթափեցնել այն տեղեկութիւնները, որ Ատրպէյճանը կ’ուզէ Եւրոպայի խորհուրդէն դուրս գալ: Եւրոպական կառոյցներ մտնելով՝ երկիրը կամաւոր ստանձնած է երկրի ժողովրդավարացման պարտաւորութիւն, եւ մեզի համար բաւականին կարեւոր է Պաքուի կողմէ իր խոստումներու կատարումը: Ասոր հետ մէկտեղ, եթէ Պաքուի մօտ եւրոպական կառոյցներու հետ խնդիրներ ծագած են, ապա անոնք պէտք է լուծել երկխօսութեան ճանապարհով: Այս ընթացքին շատ կարեւոր է կողմերու միջեւ վստահութեան ապահովումը: Կրնամ յստակ ըսել, որ Եւրոպայի մէջ ոչ մէկը կը ձգտի Ատրպէյճանին ամէն գնով պատժել: Այստեղ մեզի երբեմն կը կշտամբեն, որ մենք պարտաւորութիւններու կատարում կը պահանջենք միայն Ատրպէյճանէն, բայց չէ՞ որ Ռուսաստանի նկատմամբ ալ ԵԽ-ն պատժամիջոցներ կիրառեց: Մենք եւրոպական արժէքներու նկատմամբ յարգանք կը պահանջենք ե՛ւ Ատրպէյճանէն, ե՛ւ Ռուսաստանէն, ե՛ւ Հայաստանէն, ե՛ւ միւս բոլոր երկիրներէն: Մեր կարծիքը հետեւեալն է՝ Ատրպէյճանը պէտք է մնայ կազմակերպութեան մէջ եւ ապացուցէ իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն»,- համոզուած է ԵԱՀԿ ԽՎ փոխնախագահը, նշելով, որ Պրիւքսէլի Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ գագաթնաժողովը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ Եւրոպայի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու զարգացման համար:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խնդրին անդրադառնալով, Մ. Սեթըրֆըլտ շեշտած է, որ սա շատ բարդ հակամարտութիւն է եւ անով կը զբաղուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, ուստի ինք կը զգուշանայ յայտարարութիւն ընել, որ կրնայ բանակցային գործընթացին մէջ որոշակի լարուածութիւն առաջացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment