Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցը ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմ Սկսած է

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցը ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան Թեմ Սկսած է

by MassisPost

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմ Հայրապետական այցելութեան ծիրէն ներս  26 հոկտեմբերի առաւօտեան այցելած է «Վաչէ Մանուկեան» դպրոց եւ հանդիպած աշակերտութեան հետ:

Հայրապետական պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ միացած էին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի էքիւմենիք կապերու պատասխանատու եւ թեմական նուիրակ Գերաշնորհ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանը: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ բարերարներ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, ՀԲԸՄ նախագահ տիար Պերճ Սեդրակեանը եւ հաւատացեալ այլ հայորդիներ:

Աշակերտները Վեհափառ Հայրապետին դիմաւորած են Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ: Խօսք ըսուած է ուսուցիչներու անունէն, կրթական հաստատութեան սաները հանդէս եկած են գեղարուեստական կատարումներով: Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնն իր օրհնութիւնն ու մաղթանքները փոխանցած է սաներուն ու մանկավարժներուն եւ դպրոցին նուիրած է խաչքարի մանրակերտ:

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետն այցելած է «Արարատ տուն», ուր խնամք կը մատուցուի հայ տարեցներուն: Նորին Սրբութիւնն իր գնահատանքը յայտնած է հաստատութեան Խնամակալ մարմնին, աշխատակիցներուն, Հայրապետական օրհնութիւն ու բարեմաղթանքներ բերած՝ տարեցներուն:

Հայոց Հայրապետը խնամատար հաստատութեան նուիրաբերած է Գէորգ Սուրէնեանցի «Տիրամօր» սրբապատկերի կրկնօրինակը: Այնուհետ Նորին Սրբութեան ձեռամբ կատարուած է «Արարատ տան» նոր մասնաշէնքի յուշաքարի օրհնութեան արարողութիւնը:

Երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն` ներկայութեամբ թեմի հոգեւոր դասի եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու, քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու եւ պետական այրերու:

Հաւատաւոր ժողովուրդին ուղղուած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնն իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները բերած է թեմի հաստատման 90-ամեակի առիթով՝ գնահատելով ամերիկահայութեան ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը ամերիկաբնակ հայորդիներուն մաղթած է Աստուծոյ ամենաառատ շնորհներն ու օրհնութիւնները՝ յորդորելով, որ աստուածահաճոյ կեանքով, անսպառ եռանդով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարօրութեան ու պայծառութեան տեսլականով շարունակեն եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ գործերը:  «Հրաշափառ»-ի արարողութենէն ետք հաւատացեալները մօտեցած են Հայրապետի Աջը համբուրելու եւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու:

catholicos-2

catholicos-3

catholicos-4

catholicos-5

catholicos-6

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment