«Հոկտեմբեր 27»-ի բացայայտումը ուղիղ կապ ունի մեր պետութեան, պետականութեան կայացման հետ, երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ ըսած է Հայաստանի նախկին վարչապետ, «Ելք» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը։
« «Հոկտեմբերի 27»-ից 18 տարի անց էլ անձնական վշտի զգացողութիւն կայ նաեւ քաղաքական առումով, պետութեանը եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին տուած խորն ու անդառնալի կորստի զգացում կայ, իսկ չբացայայտուածութիւնը տանում է նաեւ կասկածների՝ ներսում հակառակորդներ եւ թշնամիներ ման գալու դաշտ, ինչը շատ-շատ վատ է։ Բազմաթիւ անգամներ ես ասել եմ, որ «Հոկտեմբերի 27»-ի բացայայտումը ուղիղ կապ ունի մեր պետութեան, պետականութեան կայացման հետ», – լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Արամ Սարգսեան։
Հարցին, թէ այսօր իշխանութեան մէջ կա՞ն մարդիկ, որոնք կապ ունին այդ ոճրագործութեան հետ, Արամ Սարգսեան պատասխանած է. – «Մեղքը պէտք է որոշի դատարանը։ Հակառակ դէպքում՝ հանրութիւնը, հասարակութիւնն արդէն հետեւութիւն արել է, մեղաւորներին գտել է ու ինձ էլ ասում է՝ «որ ուժեղ տղայ լինէիր, պիտի դնէիր ու ճակատից կիւլլէիր»: Ես էդ մօտեցման կողմնակիցը չեմ, որովհետեւ պետութեան ու պետականութեան հիմնական բաղադրիչը նա է, որ մեղաւորին ու անմեղին որոշում է դատարանը։ Եւ այս առումով կան հարցեր, շատ-շատ հարցեր, որ այս իշխանութիւնները տալու են, բայց այդ հարցերը պէտք է տայ դատարանը»։
1999 թուականի 27 հոկտեմբերին յարձակում տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի վրայ, երբ հերթական նիստին կառավարութիւնը կը պատասխանէր պատգամաւորներու հարցերուն: Սպաննուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, եւս 8 հոգի վիրաւորուեցաւ։
2003-ի դեկտեմբերին դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտեց Նայիրի Յունանեանին եւ անոր յանցախումբի 5 անդամներուն, յանցախումբի եւս մէկ անդամ դատապարտուեցաւ 14 տարուան ազատազրկման: