Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ HRW. Եւրոպան Պէտք է Համախմբուի Ատրպէյճանին Հակազդելու Համար

HRW. Եւրոպան Պէտք է Համախմբուի Ատրպէյճանին Հակազդելու Համար

by MassisPost

Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի բաժնի տնօրէն Կիորկի Կոկիան անդրադառնալով Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի Ատրպէյճանի հանդէպ կատարուած զգուշացման, նշած է, որ խաղադրոյքն այս հարցի պարագային բարձր է, քանի որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ հեռանալ Եւրոպայի խորհուրդէն։

Սակայն, Կոկիան  խորհուրդ  կու տայ նախարարներու կոմիտէին Պաքուի սպառնալիքներուն եւ ճնշումներուն տեղիք չտալ։

«Հակառակ 2014-ի Մայիսին Եւրոպայի խորհուրդի  կոշտ դատավճիռին, ոխակալ իշխանութեան շնորհիւ Մամետովը մնաց բանտը։  Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերջինիս ճանչցաւ որպէս խղճի բանտարկեալ։

2015-ին Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար  Թորպիորն Եակլընտն այս առնչութեամբ կոշտ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, սակայն  Ատրպէյճանի արհամարհանքը կը շարունակուի՝ Մամետովը բանտարկութեան մէջ է։

Պետութիւնները պէտք է համախմբուին ու վերջ դնեն Ատրպէյճանի արհամարհական կեցուածքին եւ արդարութեան ծաղրանքով վերաբերուելուն»,- գրած է վերջինս։

Նշենք, որ Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն Ատրպէյճանին պաշտօնապէս ծանուցած է «Իլկար Մամետովն ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով ՄԻԵԴ վճիռը չիրագործելու հետ կապուած իրաւական գործընթաց սկսելու մտադրութեան մասին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական կայքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment