Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մետվետեւ. «Ռուսիա Կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Առաջատար Գործընկերը»

Մետվետեւ. «Ռուսիա Կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Առաջատար Գործընկերը»

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները տարուէ տարի տինամիք կերպով կը զարգանան:  Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ամփոփելով Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպման արդիւնքները, յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Ան նշած է, որ տուեալները կը վկայեն աճի առկայութեան մասին, սակայն հանդիպման ժամանակ արձանագրած են, որ առաւել մեծ աճի հնարաւորութիւններ կան:

«Քննարկուել են համատեղ ներդրումային ու այլ ծրագրերի իրականացման հնարաւորութիւնները»,-նշած է Կարապետեան:

Այսօր ստորագրուած փաստաթուղթերն ալ, ըստ կառավարութեան ղեկավարին, պիտի նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ կարեւորած են միջկառավարական յանձնաժողովի դերը, նշած են, որ վերջին շրջանին հանդիպումները կառուցողական են, պարբերական, բան մը, որ նոր խթան կը հանդիսանայ յարաբերութիւններու զարգացման համար:

«Մեր բանակցութիւնները, ինչպէս միշտ, շատ կառուցողական էին, բարեկամական: Վստահ եմ, որ մեր պայմանաւորուածութիւնները շուտով իրականութիւն կը դառնան եւ մենք միայն առաջ կ’ընթանանք»,- նշած է Կարապետեան, աւելցնելով, որ գոհ են կատարուած աշխատանքներէն:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ հանդիպման ընթացքին համոզուած են, որ բոլոր ուղղութիւններով երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ զարգացում կայ, ամէն ինչ շատ լաւ է:

«Ռուսիա կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին առեւտրատնտեսական առաջատար գործընկերը, երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները կ’աւելնան, ընդ որում աճը լաւ տեմպերով կ’ընթանայ»,-յայտնած է ան:

Մետվետեւ ընդգծած է, որ հայ-ռուսական համատեղ ձեռնարկութիւններ կ’իրականացուին բարձ տեխնոլոկիաներու, ուժանիւթի, շինարարութեան, հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ:
«Մենք նախանշած ենք այն ծրագիրները, որոնց ուղղութեամբ յառաջիկային պիտի աշխատինք»,- յայտնած է Մետվետեւ, նշելով մարդասիրական, մշակութային ոլորտները:

Մետվետեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Կարապետեանին, լաւ աշխատանքին ու հիւրընկալութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment