Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իկլա»ն, Բանակին Նուիրելու Նպատակով էր. Բաբայեանի Գործով Ցուցմունք Տուած Մեղադրեալը

«Իկլա»ն, Բանակին Նուիրելու Նպատակով էր. Բաբայեանի Գործով Ցուցմունք Տուած Մեղադրեալը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեանի գործով դատավարութիւնը կը շարունակուի։

Անցեալ դատական նիստին Բաբայեան գրութիւն ուղարկած էր դատարան, տեղեկացնելով, որ վատառողջ է, ձայնը խզուած է, եւ խնդրած էր յետաձգել նիստը։ Դատարանը բաւարարած էր խնդրանքը։

Այսօր ցուցմունք տուած է առանցքային մեղադրեալ, Բաբայեանի մարտական ընկեր Սանասար Գաբրիէլեան, յայտարարելով, որ ինք ցանկացած է ձեռք բերել «Իկլա» զինատեսակը, բանակին նուիրելու նպատակով։

Գաբրիէլեան պատմած է, որ որպէս զինամթերքի լաւ գիտակ, խորհուրդի համար դիմած է Բաբայեանին, պարզելու համար, թէ արդեօք պիտանի՞ է Հայաստան բերուած զէնքը։ Բաբայեան ըսած է, թէ այն պակաս բաղադրիչներ ունի, այս վիճակով ընդամէնը պահեստամաս է։

Սամուէլ Բաբայեան, ըստ այսօր տրուած ցուցմունքներուն, զէնքի ձեռքբերման հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Աւելին, Բաբայեան դատարանին մէջ բացականչած է, թէ Սանասար Գաբրիէլեանին բացատրած, զգուշացուցած է, որ այն քրէօրրն պատժելի արարք է։

Ըստ մեղադրանքի, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախկին նախարար Բաբայեան Գաբրիէլեանն ու միւսները դրդած է ձեռք բերելու զէնքը։

Յիշեցնենք, որ Սամուէլ Բաբայեան ձերբակալուած է այս տարուայ 22 Մարտին, Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ: Ան «Օհանեան-Րաֆֆի-Ոսկանեան» դաշինքի համակիրն էր։

Բաբայեան մեղադրուած է «Իկլա» տեսակի զենիթահրթիռային համալիր ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ դրամի լուացման մէջ: Մասնաւորապէս, ըստ մեղադրանքի, ան փորձած է յանցաւոր ճամբով Ռուսիայէն ստացուած օրինական շրջնառութենէ դուրս եկած եւ յատուկ ներկանիւթով ներկուած եւրօ թղթադրամները քիմիական մաքրման ենթարկել, յետագային զանոնք Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով: Բաբայեան ինչպէս այս, այնպէս ալ «Իկլա» ձեռք բերելու հետ կապուած մեղադրանքները չէ ընդունած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment