Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Զինուժը Կիրառած է «ՍՓԱՅՔ» Հրթիռներ եւ Ականանետեր, Պատասխանը Ցաւոտ Պիտի Ըլլայ. Արցախի ՊԲ

Ատրպէյճանի Զինուժը Կիրառած է «ՍՓԱՅՔ» Հրթիռներ եւ Ականանետեր, Պատասխանը Ցաւոտ Պիտի Ըլլայ. Արցախի ՊԲ

by MassisPost

22 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտելով վերջերս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ Ժնեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիս-արեւելեան (Մարտակերտ-Մատաղիս) ուղղութեամբ կիրառած են հրետանային զինատեսակներ, հայկական դիրքերուն վրայ արձակելով ականանետի 5 արկ եւ «ՍՓԱՅՔ» տիպի մէկ հրթիռ:

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Կատարուածը փաստում է, որ, ինչպէս միշտ, Պաքուն ոչ միայն հակուած չէ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնը նպատակաուղղել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ու չարդարացուած կորուստների բացառմանը, այլեւ հակառակը՝ կանխամտածուած սադրանքների միջոցով գնում է իրադրութեան ապակայունացմանը:

Հաշուի առնելով միջազգային հանրութեան եւ, մասնաւորապէս, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի կողմից ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղվուած գործընթացների արդիւնաւէտ իրականացման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի զինուած ուժերը ձեռնպահ են մնացել պատասխան գործողութիւններից: Սակայն դա ամենեւին չի նշանակում, որ դէպքերը նման տրամաբանութեամբ զարգանալու պարագայում հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները մնալու են անպատասխան:

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ամենայն պատասխանատուութեամբ Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեանն զգուշացնում է, որ սադրանքները շարունակուելու դէպքում պատասխանը լինելու է անհամարժէք եւ բաւականին ցաւոտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment