Home ՍՓԻՒՌՔ «Բարեւ» Կեդրոնի Հպարտառիթ Բացումը

«Բարեւ» Կեդրոնի Հպարտառիթ Բացումը

by MassisPost

parev-logoՊէթթի Փանոսեան

Տեսլականները շօշափելի իրականութեան վերածելը կ՛ենթադրէ անխախտ հաւատք, յարատեւ ջանք ու անսակարկ նուիրում, իսկ երբ այդ տեսլականին առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է մշակոյթի ծիրէն ներս ծառայել ու նպաստել Հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման, քայլ մը առաջ անցնելով՝ նոյն այդ տեսլականը կը վերածուի վսեմ առաքելութեան։ Ըստ արժանւոյն, տեղին է յիշել, թէ մշակութային, կրթական, ընկերային ու մարդասիրական ոլորտները ընդգրկող վերոյիշեալ տեսլական-առաքելութիւնը, արգասիքն է կեդրոնի հիմնադիր եւ նախագահ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ խումբ մը երիտասարդ անդամներու մտայղացման։

Ահա այսպիսի առաքելութեան մը մեկնարկին ականատեսը եղաւ թորոնթոհայութիւնը, երբ Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017-ին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցաւ Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու «Բարեւ» Կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը, հովանաւորութեամբ՝ Գանտահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի։

Նախքան հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Բարեւ» Կեդրոնի վարչութեան անդամ-անդամուհիներու, ինչպէս նաեւ կամաւորներու օրհնութիւնը, որու աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան:

Այնուհետեւ, դեսպան՝ տիար Լեւոն Մարտրոսեան, ընթերցեց ՀՀ Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը ուղղուած՝ բրշ. Պերճ Սրկ. Լուլէճեանին՝ հայրենիքին, Արցախին եւ Հայոց Բանակին մատուցած իր ծառայութիւններուն եւ ՀՀ Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրումին առթիւ, որմէ ետք երախտիքի իր խօսքերու աւարտին յանձնեց շքանշանը:

«Բարեւ» կեդրոնի բացման հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին՝ Նորին Վսեմութիւն Տիար Լեւոն Մարտիրոսեան՝ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան, Մեծարգոյ Տիար Ճոն Մըքքէյ՝ (Scarborough Guilwood) Դաշնակցային Խորհրդարանի անդամ, Վսեմաշուք Միթզի Հանթեր՝ Օնթարիոյի Կրթութեան Նախարարուհի, Մեծարգոյ Տիար Ճոն Թորի՝ Թորոնթոյի քաղաքապետ, Մեծարգոյ Տիար Պերճ Րիչըրտ Սվազըլեան՝ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս (Օնթարիօ)-ի մէջ, Տիար Սասուն Յովհաննիսյան՝ Երրորդ Քարտուղար Հիւպատոսական Հարցերով, Տիար Խորեն Մարդոյան, Հայաստանի Զարգացման Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Գանատայի մէջ, Տիար Արիս Պապիկեան՝ (Scarborough-Agincourt) Յառաջդիմական-Պահպանողական (Progressive-Conservative) կուսակցութեան Թեկնածու, Տիկին Աբէթ Ալբայ՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետուհի, Տիար Օհան Օհաննեսեան՝ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ, ինչպէս նաեւ` Թորոնթոյի Հայ համայնքի եկեղեցական, քաղաքական, բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ծխական Խորհուրդի ժողովասենեակէն ներս՝ պատուոյ հիւրերուն հայկական աւանդական հիւրասիրութեան մասնկացութենէն ետք, տեղի ունեցաւ «Բարեւ» կեդրոնի գրասենեակի բացման ժապաւէնի հատումը, գլխաւոր նուիրատու՝ էլիզապէթ Տիրատուրի ներկայութեամբ, ի յիշատակ եղբօր եւ ծնողներուն՝ Կրէկըրի Տիրատուրի եւ Սուրէն եւ Ազնիւ Տիրատուրի։ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան հիւրերուն բացատրեց կեդրոնի տարբերանշանի (logo)ի իմաստը եւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց վերանորոգման աշխատանքի ընթացքը, յատուկ շնորհակալութեան խօսք փոխանցելով «Բարեւ» կեդրոնի վարչական անդամներուն եւ ձեռնարկին իրենց անսակարկ ծառայութեամբ նպաստած կամաւորներուն։

Հիւրերը ապա ուղղուեցան «Մակարոս Արթինեան» սրահ, ուր մեծ թիւով համակիրներ, անդամներ, կամաւոր ծառայողներ եւ հրաւիրեալներ, պատշաճ հիւրասիրութեան մասնակցելէ ետք, իրենց տեղերը գրաւած էին։ Ծափողջիւններու ընկերակցութեամբ յարգարժան հիւրերը գրաւեցին իրենց տեղերը, վայելելու համար նախատեսուած գեղարուեստական յայտագիրը։ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի 6-7-8-րդ կարգերու աշակերտներու հայրենասիրական, ոգեշնչող երգերով, ղեկավարութեամբ՝ վարժարանէն ներս երաժշտութեան դասատու՝ Նաթա Նավասարդյանի։

Բարի գալուստի եւ բացման խօսքերով հանդէս եկան «Բարեւ» կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Լեւոն Գալթաքճեան եւ ատենադպրուհի՝ Օրդ. Սառա Շահմուրադյան, որոնք յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեցին ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած բոլոր անհատներուն, ի մասնաւորի՝ նուիրատու Էլիզապէթ Տիրատուրին. ապա ներկայացուցին «Բարեւ» յանձնախումբի անդամները իրենց ստանձնած պաշտօններով։ Ներկաները մեծ հաճոյքով հետեւեցան «Բարեւ» կեդրոնի գործունէութիւնը բնորոշող տեսերիզի ցուցադրութեան, որմէ ետք «Կինտոներու Պար»ով ելոյթ ունեցաւ «Սասուն» պարախումբը արժանանալով հիւրերու ջերմ ծափահարութեան։

Բեմ հրաւիրուեցաւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, որ իր խօսքի ընթացքին շեշտը դրաւ Հայ Եկեղեցւոյ ստանձնած դերին, նշելով, որ «Հայ Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է ո՛չ միայն քրիստոնէական հաւատքի, այլ նաեւ՝ Հայոց լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահապանն ու տարածողը։ Հետեւաբար, Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ ծնունդ առած «Բարեւ» Կեդրոնը բնական արտայայտութիւնն է մեր եկեղեցւոյ ազգային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ անոր նպատակներէն մէկն է գանատացիներուն ծանօթացնել հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթը եւ ազգային արժէքները»։

Սոյն ձեռնարկի հովանաւոր՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Հովակիմեան, իր խօսքի ընդմէջէն նշեց, որ թէեւ «Բարեւ» կեդրոն նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ ամրացնել գանատահայոց կապը իրենց հայկական արմատներուն հետ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ իր գործունէութեան զանազան ոլորտներով կեդրոնը պիտի դառնայ Գանատայի բազմամշակութային խճանկարին ուշագրաւ մէկ մասնիկը, այնտեղ գործող անդամներուն եւ համակիրներուն նուիրական ծառայութեամբ։

Իր խօսքի ընդմէջէն, ՀՀ Դեսպան՝ տիար Լեւոն Մարտիրոսեան ընդգծեց ունեցած իր հաւատքը՝ հանդէպ «Բարեւ» կեդրոնին, նշելով որ կեդրոնը յաջողութեամբ պիտի կատարէ ստանձնած ծրագիրներու գործադրութիւնը։ Ապա, յաջորդաբար բեմ բարձրացան Թորոնթոյի քաղաքապետ՝ տիար Ճոն Թորի, Օնթարիոյի Կրթութեան նախարարուհի՝ Ազնուափայլ Միթզի Հանթեր եւ Խորհրդարանի անդամ՝ տիար Ճոն Մըքքէյ, որոնք բարձր գնահատեցին Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ ծառայութիւնները կրթական, մշակութային, ընկերային եւ յատկապէս մարդասիրական ծիրէն ներս: Մեծարգոյ հիւրերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին «Բարեւ»ի մեկնարկի առթիւ մատնանշելով, որ վերոյիշեալ աշխատանքը շարունակութիւնն ու ընդլայնումն է այն գործընթացին, որ Գանատան յաջողութեան կը հասցնէ որպէս երկիր։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ եւ նուէրներու բաշխում, որմէ ետք հանդիսավարները շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեցին կամաւոր ծառայողներուն եւ զիրենք հրաւիրեցին բեմ, առ ի գնահատանք իրենց նուիրումին։ Բարի երթ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք «Բարեւ» Կեդրոնին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment