Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արտագաղթ Եւ Հայրենադարձութիւն

Արտագաղթ Եւ Հայրենադարձութիւն

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան, լրագրողներուն յայտնած է որ, ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով Հայաստանի բնակչութիւնը 2035 թուականին յոռեգոյն պարագային պիտի կազմէ 2.5-2.6 միլիոն, իսկ լաւագոյն պարագային 3.2 միլիոն: Իսկ, ինչ կը վերաբերի  նախագահ Սերժ Սարգսեանի 4 միլիոն բնակչութիւն ունենալու մասին խոստումներուն, ՄԱԿ-ի ուսումնասիրութիւնը այդ կը նկատէ անիրականանալի:

Վերջին տարիներուն Հայաստանի ոչ պետական շրջանակներու եւ սփիւռքահայութեան մօտ շօշափուող ամենէն հրատապ հարցը երկրի բնակչութեան թիւի օրըստօրէ նուազումն է, անկէ ծնող լրջագոյն հետեւանքներով:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները, շատ հազուադէպ առիթներով կ’անդրադառնան արտագաղթի եւ բնակչութեան  թիւի մասին, որ բնականաբար կապուած է  ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու  մէջ իրենց վարած քաղաքականութեան ձախողութեան հետ, մղելով Հայաստանի բնակչութեան մէկ  ստուար մասը հեռանալու իրենց հայրենիքէն:

Վերջերս   այս մասին սկսած է  անդրադառնալ  նախագահ  Սերժ Սարսգեան, մի քանի առիթներով յայտարարելով, որ մինչեւ 2040 թուականը Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի հասնի 4 միլիոնի, խօսելով  նոյնիսկ հայրենադարձութեան մասին: Նախագահի այս խոստումներուն թերահաւատութեամբ  կը մօտենան  շատ-շատեր, եւ ինչպէս ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ըսած է,  այդ թիւը «անիրականանալի» է:

Հայաստանի պարագային բնակչութեան թիւի բարձրացումը  պայմանաւորուած է հիմնականին մէջ երկու  գործօններով` արտագաղթի կասեցում եւ ծնելիութեան թիւի  բարձրացում:  Հայրենադարձութիւնը կու գայ ամենէն վերջը, երբ երկրի բնակչութեան աճը  կայունութեան նշաններ կը սկսի ցոյց տալ:

Այսօրուայ դրութեամբ  երեք ուղղութիւններով ալ չկան յստակ մշակուած ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ  կարելի  ըլլայ վարել երկարաշունչ  եւ հետեւողական քաղաքականութիւնª`  առնուազն մօտենալու համար նշուած թիւերուն:  Մնացեալը  օդին մէջ նետուած ամբոխավարական խօսքերու սահմանէն անդին չեն անցնիր:

Նախ պէտք է կասեցնել արտագաղթը եւ ապա միայն խօսիլ հայրենադարձութեան մասին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment