Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Էրտողան «Եւրոմիութիւնը Պէտք է Յստակեցնէ իր Դիրքորոշումը Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցով»

Էրտողան «Եւրոմիութիւնը Պէտք է Յստակեցնէ իր Դիրքորոշումը Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցով»

by MassisPost

Թուրքիա կը խնդրէ Եւրոմիութենէն պարզորոշ կերպով ըսել, թէ արդեօք կը ցանկա՞յ զինք տեսնել ԵՄ-ի անդամներու շարքին: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրէս», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, որ այցով Վարշաւա կը գտնուի:

Ան նշած է, որ իր երկիրը շատոնց կը ձգտի դառնալ ԵՄ-ի անդամ, մինչդեռ անոր նկատմամբ պահանջներու թուաքանակը մշտապէս կ’աւելնայ: «Ես կ’ուզէի յստակ կարծիք լսել: Եթէ կը ցանկաք Թուրքիան ընդունիլ Եւրոմիութիւն, ուրեմն ըսէք մեզի: Եթէ չէք ցանկար, նոյնպէս մեզի ըսէք այդ մասին»,- յայտնած է Էրտողան: Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա Էրտողանի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Վարշաւա կը պաշտպանէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը ԵՄ-ին:

Անոր խօսքով, Թուրքիա «ԵՄ-ի էական գործընկերն է անվտանգութեան տեսանկիւնէ»: «Այդ որեւէ մէկուն պարզաբանելու կարիք չկայ»,- ըսած է Լեհաստանի նախագահը, աւելցնելով, որ ԵՄ-ի համար կարեւոր է Թուրքիոյ «ռազմական ու տնտեսական ներուժը»:

Թուրքիա 1963 թուականին մերձեցման համաձայնագիր  ստորագրած է ԵՄ-ի հետ, իսկ 1987 թուականին միութեան անդամակցելու յայտ ներկայացուցած է: Սակայն անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններն սկսած են 2005 թուականին, ընդ որում, անոնք քանիցս կասեցուած են տարաձայնութիւններու պատճառով, հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment