Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 16 Հոկտեմբերին

Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 16 Հոկտեմբերին

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պիտի հանդիպին 16 Հոկտեմբերին Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ, կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ատրպէյճանի կողմէ սահմանին պարբերաբար իրականացուող ներթափանցման գործողութիւնները լաւ հիմք չեն նախագահներու յառաջիկայ հանդիպումէն դրական ակնկալիքներու համար, այսօր խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն յայտնած է Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան: – «Հազիւ թէ կարելի է ակնկալել մօտակայ ժամանակահատուածում իրենց քաղաքականութեան վերանայում, բայց բոլոր դէպքերում սպասենք, թէ ինչ ընթացք կ’ունենան այդ բանակցութիւնները եւ գուցէ եւ որոշակի անակնկալներ լինեն», – նշած է ան:

Նահապետեան բացառած է, որ յառաջիկային կրնայ բանակցուիլ Լեռնային Ղարաբաղին յարակից տարածքները Ատրպէյճանին վերադարձնելու հարցը:

Օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցային գործընթացը պիտի վերսկսի «առանց որեւէ նախապայմանի»: – «Հայաստանը տարբեր տեսակի նախապայմաններ առաջ քաշելով՝ ցանկանում էր խափանել բանակցութիւնների վերսկսումը, բայց այժմ ստիպուած է հրաժարուել այդ քաղաքականութիւնից», – ըսած էր Ատրպէյճանի ղեկավարը:

Ի պատասխան Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլատիմիր Յակոբեան յայտարարած էր, թէ նախագահներու հանդիպումէն օրեր առաջ Ատրպէյճան կը փորձէ պատրանք ստեղծել, թէ բանակցութիւններուն ինք թելադրողի դիրքերէ հանդէս կու գայ եւ այդպիսով խուսափած է Վիեննայի եւ Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կատարելէ:

Հանրապետական պատգամաւոր Կորիւն Նահապետեան այսօր վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ պնդել, որպէսզի ստեղծուին սահմանային դէպքերը հետաքննող մեխանիզմներ, ինչպէս նաեւ կատարուին նախագահներու նախորդ հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուած միւս պայմանաւորուածութիւնները:

«Յուսով եմ, որ առաջիկայում՝ այդ հանդիպման ժամանակ, քննարկման առանցքում կը լինեն այդ հարցերը», – նշած է Նահապետեան: – «Մենք հետեւողական ենք մեր մօտեցումներում»:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ղեկավարող Արմէն Աշոտեան երէկ կայացած ՀՀԿ գործադիր մարմնի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած էր, որ հակառակ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու վերջին յայտարարութիւններուն, Հայաստանի նախագահը, հաւատարիմ մնալով բանակցային գործընթացի ձեւաչափին, պիտի մեկնի հանդիպման:

«Քանիցս շեշտել ենք մեր մօտեցումը, որ բանակցային գործընթացի յաջող ընթացքի համար հարկաւոր է ստեղծել արժանահաւատ միջավայր, անվտանգ միջավայր, միջադէպերի հետաքննութեան միջավայր, ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեանը վերապահել մոնիթորինկային աւելի մեծ լիազօրութիւններ, ստեղծել միջադէպերի հետաքննութեան արժանահաւատ մեխանիզմներ», – նշած էր Աշոտեան: – «Այսինքն՝ վերականգնել այն բոլոր կորցրած թոյլ, բայց այնուհանդերձ գոյութիւն ունեցող կորցրած հաւատի թելերը մեր հարեւանների նկատմամբ, որոնք կային մինչեւ ապրիլեան պատերազմը»:

«Չեն կարող լինել բանակցութիւններ քանի դեռ սահմանին կրակում են, նախ պէտք է խաղաղութեան հարցը լուծել», – վստահօրէն յայտնած է քաղաքագէտ Յովհաննէս Իգիթեան: – «Կայ մէկ հարց՝ կա՛մ պատերազմ, կամ բանակցութիւններ: Եւ Հայաստանը պէտք է այստեղ շատ խիստ այդ հարցը դնի»:

Երկու օր առաջ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հաւաքին Սոչիի մէջ նոյն սեղանին շուրջ կը գտնուէին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահները, այդուհանդերձ, Սարգսեան-Ալիեւ առանձին հանդիպում այդպէս ալ տեղի չունեցաւ: Իշխող ուժի փոխնախագահը յայտնած էդ, որ Ռուսիոյ մէջ հանդիպում տեղի չէ ունեցած, քանի որ նման հանդիպում պարզապէս նախատեսուած չէր:

«Կարծում եմ՝ աւելի շատ լրատուական դաշտի որոշ գործիչներ էին ստեղծել ակնկալիք, որ այդ հանդիպումը կարող է կայանալ Սոչիում: Իրականում հանդիպման ձեւաչափի առաջարկողը Մինսկի խմբի համանախագահներն են՝ ի դէմս Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսիայի, հետեւաբար այստեղ որեւէ ինդրիկ անիմաստ է փնտռել, թէ ինչու չկայացաւ Սոչիում այդ հանդիպումը: Չկայացաւ, որովհետեւ նախատեսուած չէր ի սկզբանէ», – այս առնչութեամբ մեկնաբանած է Արմէն Աշոտեան:

Վերջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հանդիպած էին շուրջ մէկուկէս տարի առաջ Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment