Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռիչըրտ Միլս․ Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարին Մէջ «Նոր Քայլեր Պէտք է Ձեռնարկուին»

Ռիչըրտ Միլս․ Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարին Մէջ «Նոր Քայլեր Պէտք է Ձեռնարկուին»

by MassisPost

«ԱՄՆ Հայաստանի շատ վստահելի գործընկերն է», – այսօր Միացեալ Նահանգներու զարգացման գործակալութեան հետ համագործակցութեան 25-ամեակին նուիրուած միջոցառման ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

«Ներկայումս Հայաստանը անցնում է բարեփոխումների նոր փուլի միջով: Մենք նախաձեռնել ենք բարեփոխումներ մեր երկրի բոլոր հատուածներում: Մեզ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտութեան շեշտակի բարձրացում բոլոր ոլորտներում, ինչպէս նաեւ մտածելակերպի եւ գործելակերպի փոփոխութիւններ: Եւ մենք չենք թաքցնում, որ ակնկալում ենք մեր գործընկերների հետ անմիջական եւ աքթիւ համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ այս կարեւորագոյն բարեփոխումների իրականացման գործընթացում», – աւելցուցած է վարչապետը:

1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ի վեր ԱՄՆ զարգացման գործակալութիւնը Հայաստանին տրամադրած է 1 միլիառ տոլար աջակցութիւն:

Հարցին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները գո՞հ է իր տրամադրած օգնութեան արդիւնքներէն, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս պատասխանած է․ – «Միջոցները հնարաւորինս արդիւնաւէտ կերպով օգտագործուած են, եւ իրականացուած աշխատանքները նպատակաուղղուած եղած են այն խնդիրներուն, այն առաջնահերթութիւններուն, որոնք կարեւոր էին Հայաստանի ժողովուրդին համար»:

Օժանդակութեան հիմնական ոլորտներէն եղած է նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը: Վերջերս ԱՄՆ դեսպանը լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ յստակ գործողութիւններ կ’ակնկալէ:

Այսօր «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, Ռիչըրտ Միլս ընդգծած է, որ պիտի շարունակեն աջակցիլ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ․ – «Այս 25 տարիներուն ընթացքին եղած են դրական տեղաշարժեր, սակայն տակաւին ընելիքներ շատ կան: Նոր քայլեր պէտք է ձեռնարկուին, որպէսզի աւելի բարձր հաշուետուողականութիւն, աւելի բարձր թափանցիկութիւն ապահովուի: Որպէսզի հաւասար խաղի պայմաններ ապահովուին բոլոր հայաստանցիներուն համար, որպէսզի հաւասար հնարաւորութիւններ եւ հաւասար վերաբերմունք ապահովուի բոլորին նկատմամբ»:

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ կայացած միջոցառման մասնակցելու համար Հայաստան եկած էր նաեւ ԱՄՆ միջազգային զարգացման փոխտնօրէնը: Ան նշած է, որ յաջորդ տարի Հայաստանին տրամադրուող օգնութիւնն աւելի մեծ պիտի ըլլայ․ – «Ընթացիկ տարուան համար մենք պիտի ստանանք 17 միլիոն ամերիկեան տոլար նիւթական օժանդակութիւն այստեղ մեր ծրագիրներու իրականացման համար: Եւ այդ միջոցները պիտի ուղղուին առաւելաբար այն ոլորտներուն, ուր մեր ծրագիրներն արդէն իսկ կ’իրականացուին: Այդ ծրագիրները կը ներառնեն զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած «Իմ Հայաստան» ծրագիրի իրականացումը, ուժանիւթի ոլորտի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական հարթակի վրայ իրականացուող մեր ծրագիրները, որոնք ուղղուած են քաղաքացիական հասարակութեան, լրատուամիջոցներու զարգացման եւ տեղական ինքնակառավարման բարեփոխումներուն»:

Ուաշինկթընի մէջ անկախ Հայաստանի հարցերուն հետեւած առաջին դիւանագէտ, այժմ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս ընդգծած է, որ այսօր Հայաստան նոյնը չէ, ինչ որ էր 25 տարի առաջ, եւ Միացեալ Նահանգներէն եկող օգնութիւնն աստիճանաբար պէտք է կրճատուի․ – «Մեր նպատակը երբեք այն չէ եղած, որ Միացեալ Նահանգներու զարգացման գործակալութիւնը մշտապէս Հայաստան մնայ: Մեր խնդիրը եղած է օգնել Հայաստանին, ձեւաւորելու համար կարողութիւններ, որոնց շնորհիւ դուք ինքնուրոյն կերպով պիտի կարողանաք լուծել ձեր խնդիրները՝ բարեփոխումներու իրականացում, կաշառակերութեան դէմ պայքար եւ այլ հարցեր»:

Միացեալ Նահանգներու զարգացման գործակալութիւնը ծրագրային օժանդակութեան 60 տոկոսը կը տրամադրէ Հայաստանի կառավարութեան եւ տեղական կազմակերպութիւններուն միջոցով:

Իր պաշտօնական ելոյթն այսօր ԱՄՆ դեսպանն աւարտած է կենացով՝ «Հայաստանի ապագային կենացը» բառերով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment