Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Աջակցութիւն Յայտնած է Աւանդական Ընտանիքներու Պահպանման Մասին Ռուսիոյ Նախաձեռնած Յայտարարութեան

Հայաստան Աջակցութիւն Յայտնած է Աւանդական Ընտանիքներու Պահպանման Մասին Ռուսիոյ Նախաձեռնած Յայտարարութեան

by MassisPost

Հինգշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած են ԱՊՀ եւ Եւրասիական միութեան գագաթնաժողովները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախագահութեամբ: Ներկայ գտնուած են ԱՊՀ անդամ բոլոր երկիրներու ղեկավարները, այդ թուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, կը բացակայէր միայն Խըրղըզիստանի նախագահը:

ԱՊՀ գագաթնաժողովին իր խօսքին մէջ Փութին յայտարարած է, որ ԱՊՀ անդամ երկիրները նոր փոխշահաւէտ նախագիծեր սկսելու հնարաւորութիւն ունին: – «Մենք նախանշած ենք ԱՊՀ ծիրին մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման համար կատարելիք քայլերը, քննարկած ենք, թէ ինչ պէտք է ընել ԱՊՀ արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու համար», – նշած է ան:

Պելառուսի նախագահը հերթական անգամ քննադատած է ԱՊՀ-ն, այս անգամ Լուքաշէնքօ թիրախաւորած է ԱՊՀ խորհրդարանական վեհաժողովը:

Հայաստանի նախագահն ալ իր աջակցութիւնը յայտնած է ռուսական նախաձեռնութեան: Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.  «Մենք աջակցում ենք ռուսական կողմի ներկայացրած «Ընտանիքի ինսթիթութին եւ աւանդական ընտանեկան արժէքներին աջակցութեան մասին» յայտարարութեանը` հրաշալի գիտակցելով, որ ընտանիքի ինսթիթութը հասարակութեան հիմքն է, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներին միաւորող գործօն»:

Մինչեւ ԱՊՀ գագաթնաժողովը Վլատիմիր Փութին հանդիպած է Ուզպէքիստանի եւ Թուրքմէնիստանի նախագահներուն հետ:

Իսկ գագաթնաժողովէն ետք Ռուսիոյ նախագահը պիտի շարունակէ երկկողմ հանդիպումները: Նախօրօք յայտարարուած էր, որ Փութին այսօր պիտի հանդիպէր նաեւ Մոլտովայի եւ Ղազախիստանի նախագահներուն հետ: Տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան, թէ ինչ ձեւաչափով պիտի ըլլան Փութինի հանդիպումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment