Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երբ Նախագահը Կ’անուանեն Ապուշ…

Երբ Նախագահը Կ’անուանեն Ապուշ…

by MassisPost

Ընտրութիւններէն առաջ շատեր կը զգուշացնէին որ, Տոնալտ Թրամփի  կերպարը չի համապատասխանէր  նախագահի  պաշտօնին: Սակայն, անոր համախոհները համոզուած էին որ, ընտրուելէն ետք, ան կը փոխուի: Այո. Թրամփ փոխուեցաւ, սակայն դէպի աւելի վատը:

Այս օրերուն Թրամփի կարողութիւններուն սկսած են կասկածիլ ոչ միայն իր հակառակորդները, այլ  նաեւ անմիջական գործակիցները: Վերջին օրերուն  հրապարակուեցաւ, որ  Փենթակոնի մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, բարձրաստիճան զինուորականներու եւ այլ պաշտօնեաներու ներկայութեան, պետական քարտուղար Ռէքս Թիլլըրսոն   նախագահ Թրամփը  կոչած է «ապուշ մը»` համեմուած հայհոյանքով:

Թիլլարսոնի պաշտպանութեան հասաւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի հանրապետական ղեկավար Պոպ Քորքըր, որ նախ յայտարարեց թէ, Թիլլըրսոն, պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մաթիս եւ Սպիտակ Տան աշխատակազմի ղեկավար Ճոն Քէլլի, այն երեք պաշտօնեաներն են, որ երկիրը հեռու կը պահեն  քաոսի վերածուելէ: Ապա, մտահոգութիւն  յայտնեց, որ Թրամփ կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային երրորդ պատերազմի: Քորքըր  նաեւ Սպիտակ Տունը նմանցուց երէցներու  կեդրոնի (Adult day care center), որու բնակիչը  պէտք ունի մնայուն հսկողութեան:

Թրամփի պաշտօնավարութենէն իննը ամիս ետք, երկիրը ամէնօրեայ տագնապներու մէջ է: Նախագահը արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւն  կը  վարէ «թուիթըրեան»  գրութիւններու միջոցաւ:  Գոնկրէսը մատնուած է  անգործութեան, առանց օրէնսդրական իրագործումներու: Նախընտրական խոստումները կը մնան թուղթի վրայ:  Անցեալ ամիս արձանագրուած է աշխատատեղերու կորուստ: Միակ դրականը որ կը շարունակուի, տնտեսութեան կայուն վիճակն է, որ Թրամփ ժառանգեց  նախագահ Պարաք Օպամայէն:

Այս բոլորէն անկախ, յատուկ դատախազ Ռոպըրթ Մուլըրի գլխաւորած խումբը կը շարունակէ քննել նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսաստանի միջամտութեան հարցը եւ Թրամփի ընտրարշաւի գործակցութիւնն ու մեղսակցութիւնը այդ գործին մէջ:

Այսպէս շարունակուելու պարագային, նախագահական «ապուշութիւները»  կրնան  Միացեալ Նահանգները  մօտ օրէն կանգնեցնել սահմանադրական  լուրջ տագնապի առջեւ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment