Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մեծապէս Կը Կարեւորենք Իրանի Հետ Ջերմ Յարաբերութիւնները» Հայաստանի Վարչապետի Հանդիպումը Իրանի Նախագահին

«Մեծապէս Կը Կարեւորենք Իրանի Հետ Ջերմ Յարաբերութիւնները» Հայաստանի Վարչապետի Հանդիպումը Իրանի Նախագահին

by MassisPost

Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ հարեւան Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր: Այս մասին, այսօր, 10 Հոկտեմբերին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Կարէն Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար եւ փոխանցած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: «Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է հարեւան Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունեն դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր եւ հիմնուած են փոխադարձ շահերի վրայ: Կարող եմ ուրախութեամբ նշել, որ այդ յարաբերութիւնները գտնուում են բարձր մակարդակի վրայ, եւ երկկողմ համագործակցութիւնը շարունակում է զարգանալ փոխըմբռնման մթնոլորտում»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Հասան Ռոհանի, ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի այցն Իրան, համոզմունք յայտնած, որ այն պիտի նպաստէ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու յետագայ խորացման, տարբեր բնագաւառներու մէջ: ԻԻՀ նախագահն ընդգծած է, որ պատրաստակամ է օժանդակելու երկու երկիրներու կառավարութիւններու նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ համատեղ ծրագիրներու իրականացման:

Զրուցակիցները կարեւորած են շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս, ուժանիւթի բնագաւառի, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական տեխնոլոկիաներու, զբօսաշրջութեան, «Սիւնիք» եւ «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը, երկու երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը:

ՀՀ կառավարութեան ղեկավարն ընդգծած է հայ-իրանական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Կողմերն անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ու տարածաշրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցերու: Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ, բան մը, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր երաշխիքներէն է:

Իրանի նախագահը ՀՀ նախագահին ու հայ ժողովրդին է փոխանցած իր ջերմ բարեմաղթանքներն ու բարձր գնահատած հայ համայնքի դերը երկրի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment