Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Լրջագոյն Վտանգի Տակ են

Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Լրջագոյն Վտանգի Տակ են

by MassisPost

Թուրք-ամերիկեան ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ աննախադէպ դիւանագիտական խայտառակութիւն կը հասուննայ: Նախօրէին Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած է, թէ պիտի դադրեցնէ մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն: Ժամեր անց նոյն քայլին դիմած Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը, դադրեցնելով թրքական մուտքի արտօնագրերու տրամադրումը ԱՄՆ-ի քաղաքացիներուն:

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու դաշնակիցներու յարաբերութիւնները սրած էին անցեալ շաբաթ, երբ Էրտողանի վարչակազմը ձերբակալեց Պոլսոյ մէջ ամերիկեան հիւպատոսութեան աշխատակից, Թուրքիոյ քաղաքացի Մեթին Թոփուզը լրտեսութեան ու ահաբեկչութեան աջակցելու մեղադրանքներով: Թրքական իշխանութիւնները պնդած են, թէ ամերիկացի պաշտօնեան կապեր ունեցած է Էրտողանի ընդդիմախօս, տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ բնակող հոգեւորական գործիչ Ֆեթուլահ Կիւլէնի հետ, զոր պաշտօնական Անգարա կը մեղադրէ անցեալ տարուայ յեղափոխութեան փորձը կազմակերպելու մէջ:

«Վերջին զարգացումները հարկադրեցին վերագնահատելու, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որքանո՞վ յանձնառու է ապահովելու Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութեան եւ անձնակազմի անվտանգութիւնը»,-յայտարարած է Ուաշինկթըն: Ի պատասխան, Անգարա նման յայտարարութիւն տարածած է, նոյնատիպ մեղադրանքներ հնչեցնելով Միացեալ Նահանգներու հասցէին: Ընդ որում, Անգարա կը շարունակէ պնդել, թէ պիտի չընկրկի, Ուաշինկթընէն պահանջելով առաջին քայլը կատարել եւ  ամենակարեւորը՝ արտայանձնել Միացեալ Նահանգներ ապաստանած Ֆեթուլահ Կիւլէնը:

Աւելին, թրքական լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ Անգարայի մօտ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան երկրորդ աշխատակիցը ձերբակալելու որոշումը կայացուած է, այլ մանրամասներ տակաւին չեն հաղորդուիր: «Թուրքիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքացին պատասխանատուութեան ենթարկելը մեր իրաւունքն է, եւ ես յոյս ունիմ, որ Ուաշինկթըն պիտի վերանայի իր որոշումն այս լոյսին ներքոյ»,- «Հապէր TV»ի եթերէն յայտարարած է Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլ, ընդգծելով, որ ձերբակալման որոշումն իրաւապահ մարմինները կայացուցած են, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնն անոր որեւէ կերպով չի կրնար միջամտել:

Ժամեր առաջ ալ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանի փոխանորդը: Ըստ հաղորդումներուն, թրքական կողմը պնդած է, թէ մուտքի արտօնագրերու տրամադրման դադրեցումն անհարկի լարուածութիւն առաջացուցած է երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ, յոյս յայտնելով, որ Ուաշինկթըն պիտի վերանայի այդ որոշումը:

Վերջին զարգացումները ոչ միայն հարցականի տակ դրած են թուրք-ամերիկեան երբեմնի ջերմ յարաբերութիւնները, այլեւ հարուած հասցուցած թրքական տնտեսութեան: Ազգային արժոյթը՝ լիրան, վերջին մէկ օրուայ ընթացքին 2,5 տոկոսով արժեզրկուած է տոլարին համեմատ:

Փորձագէտները նշած են, որ երկկողմ սահմանափակումները վնաս պիտի հասցնեն զբօսաշրջութեան ու գործարար կապերուն, նշելով, որ եթէ լիրայի արժեզրկումը շարունակուի, Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը ստիպուած պիտի ըլլայ շտապ ու արտահերթ քայլերու դիմել, տնտեսութեան վայրիվերումները կանխելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment