Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմնի Անդամները Լեռնային Ղարաբաղ Կ’այցելեն

Գալիֆորնիոյ Օրէնսդիր Մարմնի Անդամները Լեռնային Ղարաբաղ Կ’այցելեն

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ ընդունած է ամերիկեան Գալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմնի անդամները։

«Ողջունելով Գալիֆորնիայի խորհրդարանականների այցն Արցախ՝ ԱԳՆ ղեկավարն ընդգծել է Արցախի անկախութեան սատարմանն ուղղուած Գալիֆորնիայի Վեհաժողովի եւ Սենատի համատեղ բանաձեւի ընդունման կարեւորութիւնը եւ համոզմունք յայտնել, որ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը կարեւոր ներդրում կը հանդիսանայ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման գործում», – նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Մայիլեան նշած է, որ վերջին տարիներուն լաւ հիմք ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Գալիֆորնիոյ միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման համար եւ հասունցած է փոխգործակցութեան գործնական բնոյթ հաղորդելու ժամանակը։ Այդ համապատկերին մէջ կողմերը քննարկած են համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, նախարարը նշած է խաղաղ գործընթացի առաջ մղման եւ անշրջելիութեան ապահովման համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment