Home ՍՓԻՒՌՔ Վիրահայոց Թեմը Կումպուրտոյի Տաճարի Նկատմամբ «Որեւէ Յաւակնութիւն Չունի, եւ Այն Վրացական կը Համարէ »

Վիրահայոց Թեմը Կումպուրտոյի Տաճարի Նկատմամբ «Որեւէ Յաւակնութիւն Չունի, եւ Այն Վրացական կը Համարէ »

by MassisPost

30 Սեպտեմբերին Ջաւախքի Կումպուրտօ գիւղին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ Վրաստանի Պատրիարքարանին մէջ կայացած է հանդիպում Վրաստանի պետական համապատասխան գերատեսչութիւններու, Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Ինչպէս նշուած է Վրաստանի Կրօնական հարցերով պետական գործակալութեան, Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի, Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի Հաշտութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերով պետական նախարարի աշխատակազմի համատեղ յայտարարութեան մէջ, հանդիպման մասնակիցները հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը, ծագած հարցերը քննարկելու եւ որոշումներ ընդունելու փոխադարձ համաձայնութեամբ, «քանի որ խնդիրը իրաւական ու կրօնական հարթութենէ բացի ունի նաեւ բարոյական մեծ նշանակութիւն, եւ ընդունուող որոշումները իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման բարի օրինակ պիտի ըլլան»:

«Որեւէ տեսակի բռնութիւնն անընդունելի է եւ սադրանքն անթուլատրելի: Բոլորին կը յորդորենք պահպանելու հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած վրացա-հայկական բարեկամութիւնը, հեռատեսութիւն ցուցաբերելու եւ առաջացած հարցերը օրինականութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ ճամբով լուծելու», – նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ, զոր տարածած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը:

Ախալքալակի շրջանի Կումպուրտօ գիւղի 10-րդ դարու Ս. Աստուածածինի ննջման տաճարի բակին մէջ տեղի բնակչութեան մէկ մասին եւ իրաւապահներու միջեւ 30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած բախումը, ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, առաջացած է, երբ տաճարի բակին մէջ առանց նախնական համաձայնութեան հայկական խաչքար տեղադրելու փորձ կատարուած է:

«Եկեղեցւոյ մէջ, 2015 թուականէն Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութիւնը վերանորոգչական աշխատանքներ կը կատարէ: Հնէաբանական պեղումներու ժամանակ, այլ բեկորներու հետ միասին տաճարի բակին մէջ յայտնուեցան մեծ քանակով մարդկային ոսկորներ, որոնք վերաթաղուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ, բան մը, որ բնակչութեան մօտ այնտեղ խաչքար կանգնեցնելու ցանկութիւն առաջացուց: Տաճարի հիմնադրման մասին տարածուած ապատեղեկատուութիւնը թիւրիմացութիւն առաջացուց ազգաբնակչութեան շրջանին մէջ: Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմը կը հաստատէ, որ տաճարի նկատմամբ որեւէ յաւակնութիւն չունի եւ այն կը համարուի վրացական», – ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Նախնիներու գերեզմանի նկատմամբ յարգանքն անվիճելի է, նկատի ունենալով, որ հարիւրամեակներու ընթացքին տաճարի բակին մէջ յուղարկաւորուած են վրացիներ, հայեր եւ այլ ազգի ու հաւատքի ներկայացուցիչներ, մեր պարտքն է յարգել բոլորին յիշատակը», – ընդգծած են յայտարարութեան հեղինակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment