Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ընդունած է տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող Մինսկի խումբի համանախագահները: Քննարկուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացն առաջ մղելու հնարաւորութիւնները, այդ թուին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման կազմակերպման վերաբերեալ հարցերը, կը փոխանցէ նախագահի պաշտօնական կայքը: Նշուած է նաեւ, որ հանդիպման մասնակիցները կարեւորած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը:
Գրեթէ մէկուկէս տարուայ դադարէ ետք Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման կազմակերպման հարցն այսօր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ քննարկած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան: Համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ստեֆան Վիսքոնթիի, Անտրիու Շեֆըրի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հետ Նալպանտեան քննարկած է նաեւ Ղարաբաղի մէջ սահմանային իրավիճակը, «Ազատութեան» տեղեկացուցած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
Միջնորդները նոյնիսկ նախագահներու հանդիպումը կը դժուարանան կազմակերպել, հետեւաբար այս հանգրուանին բանակցային էական առաջընթաց սպասել պէտք չէ, կը կարծէ քաղաքագէտ Արմէն Գրիգորեան: – «Կարելի է ասել, որ նախկինում ինչպէս որ եղել է՝ հիմնականում այդ ֆորմաթով էլ համանախագահները փորձում են աքթիւ պահել, գոնէ չսպանել բանակցային գործընթացը», – մեկնաբանած է քաղաքագէտը:
Երէկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի Մինսկի խումբի միջնորդներուն հետ քննարկել Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման հնարաւորութիւնը: – «Մեզի կը թուի, թէ Հայաստան կը վերադառնայ բանակցային գործընթացին, եւ այն շատ կարեւոր հարց է», – յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահն ընդգծելով, որ յետխորհրդային տարածքի բոլոր հակամարտութիւններուն նկատմամբ Եւրոմիութիւնը պէտք է նոյն դիրքորոշումը ցուցաբերէ, հակառակ պարագան պիտի ընդունուի որպէս երկակի մօտեցումներու ցուցաբերում:
Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային այցէն երկու օր առաջ Ղարաբաղ այցելած էր ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Անտրիու Շեֆըր: Օգոստոսի վերջը համանախագահի պաշտօնն ստանձնած Շեֆըր երէկ հանդիպած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Յաջողութիւններ մաղթելով նորանշանակ համանախագահին, Սարգսեան ընդգծած է, որ ան դիւանագիտական առաքելութիւնը ստանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի բաւականին բարդ ժամանակահատուածին:
Վերջին անգամ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում կայացած էր նախորդ տարուայ Յունիսին, Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները վաղը պիտի մեկնին Պաքու: