Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Հերթական Դիւանագիտական Խայտառակութիւնը կը Հասուննայ

Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի Միջեւ Հերթական Դիւանագիտական Խայտառակութիւնը կը Հասուննայ

by MassisPost

Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան վարչութեան որոշմամբ, կիւլէնականներու դէմ հետաքննութեան ծիրին մէջ կալանաւորուած է Պոլսոյ մօտ ԱՄՆ գլխաւոր հիւպատոսութեան աշխատակից Մեթին Թոփուզ: Ան կը մեղադրուի «քաղաքական կամ ռազմական լրտեսութեան», «սահմանադրական կարգը խախտելու եւ իշխանութիւնը տապալելու փորձեր կատարելու» մէջ:

Դատախազութիւնը կը պնդէ, որ ԱՄՆ հիւպատոսութեան աշխատակիցը կապ ունի նախկին դատախազ Զեքերիա Օզի հետ, որ եւ սերտ առնչութիւն ունի կիւլէնական կառոյցի վտարանդի առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հետ: «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդմամբ, ոստիկանութեան մօտ նախնական հարցաքննութենէ ետք Թոփուզ ուղարկուած է Պոլսոյ արդարադատութեան պալատ, ուր դատախազը զայն կալանաւորելու որոշում կայացուցած է:

Անգարայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը հիւպատոսարանի աշխատակիցի կալանաւորման առնչութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնած է, ամբողջովին հերքելով Թոփուզին ներկայացուած մեղադրանքներն ու «միանգամայն անտեղի» որակելով զանոնք: ԱՄՆ դիւանագիտական ծառայութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ տպաւորութիւն կայ, որ թրքական պաշտօնական աղբիւրներէն տեղեկատուութեան արտահոսքը նպատակ ունի իրենց աշխատակիցը հրապարակային դատի յանձնել, իրաւական դատական գործընթաց նախաձեռնելու փոխարէն: «Մեր աշխատակիցներուն դէմ ուղղուած անհիմն եւ անհեղինակ մեղադրանքները կը վտանգեն եւ կ’արժեզրկեն ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ երկարամեայ գործընկերութիւնը»,- մասնաւորապէս նշուած է դեսպանատան տարածած յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

 
https://news.am/arm/news/413649.html

Ֆրանք էնկըլ. Ոչ Ոք Կրնայ Համոզել Զիս, որ Սաֆարովի Արտայանձնումը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Գումարներու Հետ

 

 

 

 

 

 

https://news.am/arm/news/413618.html

Արտաշէս Գեղամեան Բռունցքներով Յարձակած է Նիկոլ Փաշինեանի Վրայ

 

 

Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբը Հայաստանը Պիտի Պաշտպանէ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներէն. Շարմազանով

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment