Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քիւրտիստանի Մէջ Հայերու Անվտանգութեան Հետ Կապուած Ոչ Մէկ Խնդիր Ունինք. Արթուն Քահանայ Խալաթեան

Քիւրտիստանի Մէջ Հայերու Անվտանգութեան Հետ Կապուած Ոչ Մէկ Խնդիր Ունինք. Արթուն Քահանայ Խալաթեան

by MassisPost

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ 25 Սեպտեմբերին կայացած անկախութեան հանրաքուէէն ետք իրավիճակը հանգիստ է: Այս մասին «NEWS.am»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Էրպիլի հոգեւոր հովիւ Տէր Արթուն քահանայ Խալաթեան:

«Իրավիճակը հանդարտ է, քաղաքին մէջ ոչ մէկ անբնական բան կայ: Մինչեւ այսօր ոչ մէկ անբնական բան տեղի ունեցած է, այդ առումով ալ հայերու անվտանգութեան հետ կապուած ոչ մէկ խնդիր ունինք»,- ըսած է ան:

Արթուն քահանայ Խալաթեանի խօսքով, Քիւրտիստանի տարածքին ապրող քուէարկելու իրաւունք ունեցող 600-է աւելի հայերուն  մեծ մասը «այո» քուէարկած է հանրաքուէին. «Հայերը առաւելաբար չէզոք դիրք ունին այս հարցին մէջ, բայց հայերը նաեւ մասնակցած են հանրաքուէին եւ կողմ քուէարկած»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment