Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որքանո՞վ Բարելաւուած է Առեւտրական Միջավայրը Հայաստանի Մէջ

Որքանո՞վ Բարելաւուած է Առեւտրական Միջավայրը Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման (Doing Business) 2017 թուականի միջոցառումներու իրականացման ընթացքը:

Կառավարութենէն  յայտնած են, որ զեկուցուած է, թէ ընթացիկ տարուան համար նախատեսուած 49 միջոցառումէն արդէն իսկ 22-ն իրականացուած է: Մնացեալ 27-ը ընթացքի մէջ են, եւ նախատեսուած է զանոնք աւարտին հասցնել, ըստ սահմանուած ժամանակացոյցի, մինչեւ Նոյեմբերի վերջը:

Ըստ զեկուցողներուն, կ’ակնկալուի, որ 2017 թուականի միջոցառումներու իրականացման արդիւնքով Համաշխարհային դրամատան ամէնամեայ զեկոյցին մէջ մեր երկիրն իր դիրքը պիտի բարելաւէ քանի մը կէտով: Հայաստան նախորդ տարի դիրքը բարելաւած է 5 կէտով եւ զբաղեցուցած 38-րդ հորիզոնականը:

Միջոցառումները կ’իրականացուին առեւտրական գործունէութիւն սկսելու եւ զարգացնելու համար պահանջուող վարչարարական ընթացակարգերու պարզեցման, ՓՄՁ խթանման, ներդրողներու պաշտպանուածութեան, շինարարական արտօնութիւններու ստացման, ելեկտրոնային համակարգերու շարունակական ներդրման, վարկերու հասանելիութեան, սեփականութեան գրանցման, ենթակառուցուածքներով ապահովման ցուցանիշներու բարելաւման ուղղութեամբ:

Վարչապետ Կարապետեան պատասխանատուներէն պահանջած է աշխոյժ կերպով աշխատիլ Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն  հետ, միջոցառումներու արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment