Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մտադիր է Յաջորդ Տարի Լրացուցիչ 27 Միլիառ Դրամի Նոր Սպառազինութիւն Ձեռք Բերել

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մտադիր է Յաջորդ Տարի Լրացուցիչ 27 Միլիառ Դրամի Նոր Սպառազինութիւն Ձեռք Բերել

by MassisPost

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ 2018 թուականի պիւտճէի նախագիծին մէջ պաշտպանական ոլորտի ծախսերը առաւելապէս ճիշդ այդ նպատակով աւելցած են մօտ 55 միլիոն տոլարով։

Նախարարը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ ո՞ր երկիրներէն եւ ի՞նչ նոր զինատեսակներ կը ցանկան ձեռք բերել, ըսելով․ – «Ես նախընտրում եմ զէնքը ցոյց տալ զօրահանդէսների ժամանակ: Առաջիկայ գնման, հնարաւոր գնման, այստեղից-այնտեղից ձեռք բերման մասին խօսակցութիւնն անօգուտ է, անիմաստ է: Առաջին հերթին՝ որովհետեւ դա դժուարացնում է բոլոր գործընթացները, երկրորդը, որովհետեւ դա քո հեռանկարային ծրագրի բացայայտումն է, որը նաեւ հակառակորդին թոյլ է տալիս հակամիջոցներ ձեռնարկել»:

Սպառազինութեան ձեռք բերման վերջին խոշոր պայմանագիրը Հայաստան ստորագրած է անցեալ տարուայ սկիզբը։

Պաշտպանութեան նախարարն այսօր վստահեցուցած է, թէ մօտ ժամանակներս Ռուսիա պիտի տրամադրէ ողջ սպառազինութիւնը․ – «200 միլիոնը նախատեսուում է աւարտին հասցնել մինչեւ այս տարեվերջ, ինչպէս նախատեսուած էր պայմանագրերով»:

Այսօր ամփոփելով իր պաշտօնավարման մէկ տարին, Վիգէն Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային պիտի կրճատեն նախարարութեան հաստիքացուցակը, գործընթացն արդէն քննարկման փուլի մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment