Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Կը Պատուէ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը «Երախտագիտութեան Մետալ»ով

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Կը Պատուէ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը «Երախտագիտութեան Մետալ»ով

by MassisPost

Սեպտեմբեր 19-ին, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան Կեդրոնին մէջ (Երեւան) հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ՝ Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի գլխաւորութեամբ։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր՝ կապուած Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ Արցախի մէջ կատարուող բարեգործական ծրագիրներու։

Արցախի Հանրապետութեան մատուցած իր ծառայութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, Նախագահ Սահակեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանին յանձնեց Ընկերակցութեան շնորհուած «Երախտագիտութեան Մետալ»ը, յոյս յայտնելով, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Արցախի միջեւ համագործակցութիւնը կը պահպանէ իր դրական աշխուժութիւնը։

Անդրադառնալով տրուած պարգեւին՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան ըսաւ.- «Այս իսկապէս ուրախ լուր մըն է, եւ մեր ամբողջ Հայ Աւետարանական համայնքը պէտք է հպարտ զգայ։ Արցախը մեծ զոհաբերութեան արդիւնք է, եւ մենք ուրախ ենք որ մեր Ընկերակցութիւնը մասնակցելով այս զոհաբերութեան, արժանացաւ այս պատիւին»։

Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան նշեց.- «Նախագահ Բակօ Սահակեանի միջոցով Արցախի հերոսական ժողովուրդին «Երախտագիտութեան Մետալ»ով արտայայտած շնորհակալութեան զգացումը  Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ անոր Հարիւր Ամեակին առիթով, մեզ կը խոնարհեցնէ եւ նոյն ատեն կը ներշնչէ բոլորս շարունակելու մեր տասնամեակներու Քրիստոսակեդրոն ծառայութիւնը Արցախի Հանրապետութեան»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment