Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ՊԲ Ստորաբաժանումները Զօրավարժութիւն Իրականացուցած են

Արցախի ՊԲ Ստորաբաժանումները Զօրավարժութիւն Իրականացուցած են

by MassisPost

Ընթացիկ ուսումնական տարուայ մարտական պատրաստութեան նախագիծին համաձայն, ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան զօրամասերուն եւ ստորաբաժանումներուն հետ 25-29 Սեպտեմբերին «Պաշտպանական օպերացիայում հակաօդային պաշտպանութեան վարումը հակառակորդի ռադիօ-ելեկտրոնային պայքարի եւ կրակային միջոցների աղդեցութեան պայմաններում» թեմայով մարտական հրաձգութեամբ մարտավարամասնագիտական զօրախաղեր, որոնք նպատակաուղղուած էին հանրապետութեան օդային սահմանի անվտանգութիւնն ապահովող զինծառայողներու մասնագիտական գիտելիքներու եւ հրամանատարական ունակութիւններու կատարելագործման, շտաբներու ներդաշնակուածութեան, մարտական գործողութիւններու նախապատրաստման ու վարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման:

Մարտավարամասնագիտական զօրավարժութիւնը կը միտէր նաեւ ստուգել ՀՕՊ ուժերու եւ միջոցներու մարտական պատրաստականութեան մակարդակն ու ստորաբաժանումներու մարտական խնդիրներու կատարման ունակութիւները, ինպէս նաեւ գնահատել զօրատեսակի սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի իրական հնարաւորութիւնները:

Մարտավարամասնագիտական զօրախաղերուն որպէս արդիւնք, որոնք խաղարկուած են հանրապետութեան ամենատարբեր աշխարհագրական գօտիներուն վրայ եւ մարտավարական արագ փոփոխուող պայմանական իրավիճակներու մէջ, հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերը եւս մէկ աստիճանով բարձրացուցած են դաշտային վարժուածութեան մակարդակն ու ձեռք բերած մասնագիտական նոր գիտելիքներ ու կարողութիւններ: Զօրախաղերը հնարաւորութիւն ստեղծած են նաեւ փորձի փոխանակում իրականացնելու, ինչպէս նաեւ տարբեր օղակներու հրամանատարական կազմի եւ ժամկէտային զինծառայողներու մարտական վարպետութեան աստիճանը կատարելագործելու համար:

Նկատի ունենալով զօրավարժութեան արդիւնքները, կրնանք պնդել, որ զօրատեսակը կը գտնուի մարտական պատրաստականութեան պատշաճ մակարդակի վրայ, բան մը, որ թոյլ կու տայ այսուհետեւ նոյնպէս իրականացնել հանրապետութեան օդային սահմանի անվտանգութեան յուսալի եւ լիարժէք  ապահովումը:

ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment