Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շաւարշ Քոչարեան. Հայաստան Մշտապէս Կոչ Ուղղած է Թուրքիոյ Հեռու Մնալ ԼՂ Հիմնահարցի Հանգուցալուծման Գործընթացէն

Շաւարշ Քոչարեան. Հայաստան Մշտապէս Կոչ Ուղղած է Թուրքիոյ Հեռու Մնալ ԼՂ Հիմնահարցի Հանգուցալուծման Գործընթացէն

by MassisPost

«Առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիան վնասակար փորձեր է կատարում միջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հարցում»,- այս մասին յայտարարած է ԱԳ փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան «Արմէնբրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին, մեկնաբանելով Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնը:

«Հենց դա այն պատճառներից է, որը թոյլ չի տալիս հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում առաջընթաց արձանագրել, եւ հենց Անգարայի այս միակողմանի, ապակառուցողական եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբի եռանախագահների դիրքորոշումներին դէմ գնացող մօտեցման պատճառով է, որ Հայաստանը մշտապէս կոչ է արել Թուրքիային հեռու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման գործընթացից»,- յայտարարած է Արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Նշենք, որ պաշտօնական այցով Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Նուրէթթին Ճանիքլի Արցախի հարցին շուրջ կրկին անվերապահ աջակցութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին:

Ճանիքլի Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իրենց հողերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Արցախը «Հայաստանէն ազատագրելու» համար պէտք է անհրաժեշտ բոլոր զէնքերը ինքնուրոյն արտադրեն:

«Էրմէնիհապէր»ի փոխանցմամբ,  Ճանիքլի մասնաւորապէս ըսած է. «Միայն մեր հողերը պաշտպանելը բաւարար չէ: Պէտք է անպայման ազատագրել գրաւուած Ղարաբաղը: Անոնք ատրպէյճանական հողեր են, եւ վաղ թէ ուշ պէտք է ազատագրուի Հայաստանէն: Սակայն անոր համար աւելի ուժեղ պէտք է ըլլանք: Այդ պատճառով ալ այս հողերն ու մենք մեզի պաշտպանելու համար անհրաժեշտ ողջ զինամթերքը պէտք է ինքնուրոյն արտադրենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment