Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հակառակորդի Կրակոցէն ՊԲ Զինծառայող Զոհուած է

Հակառակորդի Կրակոցէն ՊԲ Զինծառայող Զոհուած է

by MassisPost

28 Սեպտեմբերին, ժամը 15:00-ի կողմերը, ՊԲ հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998թ. ծնած Սէյրան Մանուէլի Սարգսեան, կը տեղեկացնէ ԼՂ ՊԲ մամլոյ ծառայութիւնը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

ԼՂ նախագահի պաշտօնական կայքին հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, «Նախագահ Բակօ Սահակեանը Սեպտեմբերի 28-ին ստորագրել է հրամանագիր, համաձայն որի՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի N զօրամասի զինծառայող Սէյրան Սարգսեանը յետմահու պարգեւատրուել է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment