Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատարանն Առանց Քննութեան Ձգած է Անդրիաս Ղուկասեանի Գրեթէ Բոլոր Միջնորդութիւնները

Դատարանն Առանց Քննութեան Ձգած է Անդրիաս Ղուկասեանի Գրեթէ Բոլոր Միջնորդութիւնները

by MassisPost

«Վկաներից մէկը ոստիկանութեան գործակալ է, իսկ միւսն առհասարակ դէպքի վայրում չի եղել»: Այսօրուայ դատական նիստին միաժամանակ քանի մը տասնեակ միջնորդութիւններ ներկայացնելով, նման պնդում կատարած է ծանր քրէական մեղադրանքներով աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր անազատութեան մէջ գտնուող ընդդիմադիր գործիչ Անդրիաս Ղուկասեան:

Ան պահանջած է վերծանել իր դէմ ցուցմունք տուած երկու վկաներուն՝ Արտակ Մկրտչեանին եւ Գեղամ Սահակեանին հեռախօսային խօսակցութիւնները, քանի որ անոնք, ըստ ամբաստանեալին, կարեւոր հանգամանքներ պիտի բացայայտեն: Յիշեցնենք, որ Ղուկասեան կը մեղադրուի 2016 թ․ Յուլիսին Սարի թաղին մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ: Այսօր դատարանին մէջ ան պնդած է, որ վկայ Արտակ Մկրտչեան չէր կրնար լսել, թէ ինք իբրեւ թէ ոստիկաններուն հարուածելու համար քարեր հաւաքելու կոչ ուղղած է:

Ինչ կը վերաբերի գործով միւս վկայ Գեղամ Սահակեանին, Անդրիաս Ղուկասեանին փաստաբանը՝ Կարէն Մեժլումեան այսօր դատարանին մէջ ըսած է, թէ խոր կասկածներ ունի, որ վերջինս գործին մէջ յայտնուած է բացառապէս ոստիկանութեան շահերը պաշտպանելու համար: «Մենք էլի պնդում ենք, որ նա գործակալ է եղել, եւ կարծում եմ՝ այդ հանգամանքը գնահատելու համար կարեւոր է, որ դատարանը ձեռքի տակ ունենայ այդ կապը հերքող կամ հիմնաւորող ապացոյցներ»,- ըսած է պաշտպանը:

Նշենք, որ աւելի վաղ կայացած նիստերէն մէկուն ժամանակ Ղուկասեանի միւս պաշտպանը՝ Ինեսսա Պետրոսեան յայտարարած էր, որ գործով ցուցմունք տուողներէն ոմանք հոգեկան հիւանդութիւններ ունին, Բան մը, որ պաշտօնապէս փաստուած է: Այսօր փաստաբաններն ընդգծած են, որ խօսքը նոյն վերը նշուած երկու վկաներուն մասին է:

Դատախազ Պետրոս Պետորսեան տրամաբանութենէ զուրկ համարած է այդ վկաներու հեռախօսային խօսակցութիւններու վերծանման մասին միջնորդութիւնները, խնդրելով մերժել զանոնք: Դատաւորն առանց քննութեան ձգած է նշուած միջնորդութիւնները, յայտնելով, թէ «անոնք վաղաժամկէտ են»: Պաշտպանական կողմի ներկայացուցած մէկ տասնեակէ աւելի միջնորդութիւններուն մեծ մասը նոյնպէս դատարանին կողմէ չէ քննուած, գլխաւորաբար նոյն հիմնաւորմամբ:

Անկարգութիւններ կազմակերպելէ բացի, Ղուկասեանին աւելի ուշ առաջադրուած է նաեւ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ Ծռեր» զինուած խումբին միանալու փորձ կատարելու մեղադրանք: Այս մասով նոյնպէս պաշտպանական կողմն այսօր միջնորդութիւն ներկայացուցած է, պահանջելով գործով ներգրաւուած 36 տուժողներէն 11-ը հանել այդ ցանկէն: Փաստաբաններ Պետրոսեան եւ Մեժլումեան պնդած են, որ Անդրիաս Ղուկասեանին կը վերագրուի 17 Յուլիսէն սկսեալ ամէն բան, մինչդեռ այդ ժամանակ ան «անգամ փողոցում չի եղել»:

Մեղադրող դատախազն առարկած է միջնորդութեան, դատաւորն ալ մերժած այն: Պաշտպանական կողմի ներկայացուցած քանի մը միջնորդութիւն դատարանն այսօր, այդուհանդերձ, բաւարարած է, թոյլ տալով գործին մէջ որպէս վկայ ներգրաւել Եղիշէ Պետրոսեանն ու Լեւոն Բաղդասարեանը, որոնք, Ղուկասեանին պնդմամբ, 29 Յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին ժամանակ միշտ իր կողքը գտնուած են եւ կրնան յօգուտ իրեն վկայութիւն տալ: Յաջորդ նիստին մեղադրող դատախազը պիտի հրապարակէ մեղադրական եզրակացութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment