Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բաբլոյեան․ Հայաստան Վրաստանէն Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում Կ’ակնկալէ Ղարաբաղի Հարցով

Բաբլոյեան․ Հայաստան Վրաստանէն Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում Կ’ակնկալէ Ղարաբաղի Հարցով

by MassisPost

Հայաստանը մեծապէս կ’արժեւորէ Վրաստանի դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն մէջ եւ կ’ակնկալէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ Վրաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: Այս մասին յայտարարած է Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, Թիֆլիս կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ երէկ հանդիպելով Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկուելաշուիլիին հետ:

«Մեր պատկերացմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի: Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, լինելով մարդու իրաւունքների խնդիր, կարող է լուծուել միայն Արցախի ժողովրդի ազատ ինքնորոշման միջոցով», – Ազգային ժողովի հանրային կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, ըսած է Բաբլոյեան:

Հայաստանի խորհրդարանի խօսնակն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած սպառազինութիւններու մրցավազքը լուրջ վտանգ է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար:

«Մեր եղբայրական սիրտը կը ցաւի ատրպէյճանա-հայկական հակամարտութեան համար: Մէկ բան հաստատ է, որ մեզի՝ փոքր ազգերուս համար այդպիսի հակամարտութիւնները կրնան կործանարար ըլլալ: Մենք կ’աղօթենք տարածաշրջանի խաղաղութեան համար», – յայտարարած է Վրաստանի նախագահը:

Մակուելաշուիլի շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած հրդեհներու ժամանակ աջակցելուն համար, ափսոսանք յայտնած, որ այդպիսի աղէտներ տեղի ունեցած են նաեւ Հայաստանի մէջ:

Խօսելով վրացա-հայկական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին, Վրաստանի նախագահը մասնաւորապէս նշած է, որ արդէն 25 տարի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացն ակնյայտ է, եւ Վրաստան մշտապէս պատրաստ է Հայաստանի հետ քննարկելու որեւէ հարց եւ առաւել զարգացնելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներու մէջ:

Նոյն օրը Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը հանդիպած է Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ-ի հետ:

Յիշեցնենք, Արա Բաբլոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցով Թիֆլիս ժամանած է երէկ եւ նախ հանդիպած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ: Ծրագրուած են նաեւ հանդիպումներ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քուիրիքաշուիլիի, Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիձէի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment