Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աշտարակի Դպրոցներէն Մէկուն Մէջ Ուսուցիչները Անժամկէտ Դասադուլ Յայտարարած են

Աշտարակի Դպրոցներէն Մէկուն Մէջ Ուսուցիչները Անժամկէտ Դասադուլ Յայտարարած են

by MassisPost

Աշտարակի Վարդգէս Պետրոսեանի անուան դպրոցին մէջ այսօրուընէ անժամկէտ դասադուլ է։ Ուսուցիչներն ու աշակերտներու ծնողները կը պահանջեն, որ հիմնանորոգուի անցեալ դարու 60-ական թուականներուն կառուցուած դպրոցին շէնքը:

Ծնողական խորհուրդի որոշմամբ ու ուսուցչական կազմի համաձայնութեամբ, աշակերտները դասերու պիտի չյաճախեն այնքան ժամանակ, քանի տակաւին չեն լուծուած անոնց պահանջները։

«Սանհանգոյց չկայ, պուֆէթ չկայ․․․ տեսնում էք, էլի, սա 21-րդ դարի դպրոց չի կարելի համարել: Ի՞նչ են մտածում մեր մարզպետարանը, կրթութեան նախարարները: Իրանք կ’ուղարկե՞ն իրանց երեխեքին նման դպրոց», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ծնողներէն մէկը:

«Ես 21 տարի աշխատում եմ այս դպրոցում, 21 տարի խոստանում են․․․ ու ոչ մի քայլ չի արուում», – աւելցուցած է ուսուցիչներէն մէկը:

Դասադուլը սկսելէ քանի մը ժամ անց դպրոց եկած է Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Աշոտ Արշակեան: Ան ծնողներուն յայտնած է, որ արդէն գտնուած է մօտակայ աւագ դպրոցը եւ տեղեկացած, որ այնտեղ 22 դասասենեակ կայ, որոնցմէ 7-ն ազատ են։ Ծնողներն ու դպրոցի ճատրակի ուսուցիչ Արմէն Գրիգորեան հակադարձած են, որ ազատ դասարաններն աւելի շատ են, քան ներկայացուած է։

Նախարարութիւնը եւս մէկ լուծում առաջարկած է՝ միաւորել դպրոցները մինչեւ շէնքի հիմանորոգումը։ Բուռն քննարկումները երկար շարունակուած են, ժամանած է նաեւ Արագածոտնի նորանշանակ մարզպետը։  Վերջինիս տեղեկացուցած են, որ 200 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցին մէջ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր 600 երեխայ ուսում կը ստանայ Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան յայտարարած է, թէ նշանակման առաջին օրէն մտահոգ եղած է դպրոցին ճակատագիրով։

«Ազատութեան» հարցին, թէ ինչ ըրած է 2 ամսուայ ընթացքին, ինչպիսի  գործնական քայլերով դրսեւորած է իր մտահոգութիւնը, Մարզպետը պատասխանած է. «Կառավարութեան հետ քննարկում ենք 2018 թուականի պիւտճէում ներառելու խնդիրը»: Իսկ դպրոցի հիմնանորոգման հարցը, ըստ մարզպետին, կառավարութիւնը ինք պիտի որոշէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment