Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպահանի Հայոց Թեմի Խորհուրդի Ատենապետը Յարձակման Ենթարկուած է

Սպահանի Հայոց Թեմի Խորհուրդի Ատենապետը Յարձակման Ենթարկուած է

by MassisPost

Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերին, երբ Հայաստանէն Նոր Ջուղա կը ժամանէր Հայաստան-Սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովին մասնակցած Սպահանի Հայոց թեմի պատուիրակութիւնը, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեան երեկոյեան ժամը 10-ի կողմերը իր բնակարանի մուտքին առջեւ յարձակման ենթարկուած է անյայտ անձերու կողմէ, որոնք մահակով եւ սուր զէնքով վիրաւորած են զինք եւ փախուստի դիմած։

Սպահանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանի դիւանի հաղորդագրութեան համաձայն, Մինասեանը տուն տեղափոխող ինքնաշարժին մէջ գտնուած է նաեւ թեմի առաջնորդ Սիփան ծայրագոյն վարդապետ Քեչէճեան, սակայն ան եւ վարորդը յարձակման թիրախ չեն դարձած, եւ անոնց ու ինքնաշարժին որեւէ վնաս չէ պատճառուած:

Մինասեան անմիջապէս տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր անոր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են: Անոր առողջական վիճակն այժմ գոհացուցիչ է, ան երէկ դուրս գրուած է հիւանդանոցէն:

Դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ եւ քննութիւն կ’ընթանայ պատկան մարմիններու կողմէ, որոնք, ըստ հաղորդագրութեան, որոշ բացայայտումներ կատարած են, սակայն տակաւին զանոնք չեն հրապարակեր:

Սպահանի Հայոց թեմը դատապարտած է այս յանցագործութիւնը:

Թեհրանի մէջ հրատարակուող «Արաքս» պարբերականի համաձայն յարձակողները եղած են  երեք հոգի (ծածկուած երեսներով) ։

Յատկանշական կէտը այն է, որ Վարուժ Մինասեանը եւ Հայր Սուրբը նոր էին վերադարձած Հայաստանեն ու  Թեհրանեն մեկնած Սպահան։ Մինասեան եւ Առաջնորդը փոխելով Երեւանեն՝ Թեհրան  վերադարձի իրենց  տոմսերու  թուականը, շուտ  վերադարձած են  Հայաստանեն։

Ուստի այն  տպաւորութիւնը կայ, որ յարձակման  կազմակերպողները լաւատեղեակ են  եղած անոնց վերադարձի մանրամասնութիւններեն եւ Վարուժ  Մինասյանի  տան հասցէի մասին։

Յարձակողներու երեսները ծածկուած ըլլալը, աւելի կը շեշտադրէ, յարձակողներու ծանօթ ըլլալու
հաւանականութիւը։

Անհասկանալի է, որ դէպքէն օրեր անց միայն Սպահանի  ՀԹ Թեմական  խորհուրդը  այս մասին  հաղորդագրութիւն  հրապարակած է։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment