Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նալպանտեան Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է ԱՄՆ Պետքարտուղարի Փոխանորդին եւ Իրաքի ԱԳ Նախարարին Հետ

Նալպանտեան Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած է ԱՄՆ Պետքարտուղարի Փոխանորդին եւ Իրաքի ԱԳ Նախարարին Հետ

by MassisPost

Երէկ Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղարի Եւրոպական հարցերով տեղակալ Էլիզապէթ Միլըրտի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Եւրոպական հարցերով աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի եւ պետքարտուղարի տեղակալի փոխանորդ Պրիճիթ Պրինքի հետ։

ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան առաւել զարգացման առնչուող շարք մը հարցեր։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, ներդրումներու խրախուսման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։ Այս ենթապատկերին վրայ երկուստէք կարեւորուած է հայ-ամերիկեան միջ-կառավարական յանձնաժողովի, Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի աշխատանքները։ Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներու, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակին շուրջ:

Մէկ այլ հաղորդագրութեամբ ԱԳՆ տեղեկացուցած է, որ երէկ Նալպանտեան ՄԱԿ-ի գլխաւոր համագումարի նստաշրջանի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Իրաքի վարչապետի փոխանորդ, Արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ալ Ճաաֆարիի հետ: «Արտգործնախարարներն անդրադարձան հայ-իրաքեան յարաբերութիւնների օրակարգային մի շարք հարցերի, մտքեր փոխանակեցին իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, միջազգային հարթակներում համագործակցութեան սերտացման վերաբերեալ»,- մասնաւորապէս, նշուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment