Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իշխանութեան Ղեկին Այնպիսի Մարդիկ են, Որոնք Չեն Գիտեր Անկախութեան Արժէքը»

«Իշխանութեան Ղեկին Այնպիսի Մարդիկ են, Որոնք Չեն Գիտեր Անկախութեան Արժէքը»

by MassisPost

ՀԱԿ փոխնախագահ Արամ Մանուկեանի խօսքով, Հայաստանի մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներու խորացումը կը տանի անկախութեան կորուստի: Իսկ իրաւապաշտպան, խորհրդային շրջանի այլախոհ գործիչ Վարդան Յարութիւնեանի ընդգծմամբ, Հայաստանի անկախութեան գլխաւոր սպառնալիքն անկախութեան գաղափարը չընկալած իշխանութիւնն է, «որը մինչեւ օրս Քրեմլը դիտարկում է իբրեւ ղեկավար կառոյց»:

Անկախ Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած են մարդիկ, որոնք չեն գիտեր անկախութեան արժէքը: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նման համոզմունք յայտնած է իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան, որ խորհրդային տարիներուն՝ 1980 թուականէն մինչեւ 1988թ. «հակասովետական գործունէութիւն իրականացնելու» մեղադրանքով դատապարտուած է 5 տարուայ ազատազրկման եւ 3 տարուայ աքսորի: Յարութիւնեան իր պատիժը կրած է Ուրալի գաղութներուն եւ Մակատանի աքսորավայրերուն մէջ:

Հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ գրելուն եւ սեփական իրաւունքները պաշտպանելուն համար երիտասարդութեան 8 տարիները խորհրդային բանտերուն ու աքսորավայրերուն մէջ անցուցած Յարութիւնեան շեշտած է, որ Հայաստանի անկախութեան 26-րդ տարին նշող Հայաստանի համար գլխաւոր սպառնալիքն անկախութեան գաղափարը չընկալած իշխանութիւնն է, որ մինչեւ օրս Քրեմլինը կը դիտարկէ իբրեւ ղեկավար կառոյց:

ՀԱԿ կուսակցութեան փոխնախագահ Արամ Մանուկեան, որ 27 տարի առաջ՝ 1990 թուականի Օգոստոսին ընթերցեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, այսօր ցաւով նշած է, որ Հայաստանի մէջ առկայ բազմաթիւ խնդիրներու խորացումը կը տանի անկախութեան կորուստի:

Անոր խօսքով, դաժանօրէն կ’ոտնահարուի նաեւ անկախութեան հիմնասիւներէն մէկը՝ հայոց լեզուն․ «Եւ կարծես դիտաւորեալ Անկախութեան տօնից մի քանի օր առաջ նուէր արեցին այդ ռուսերէն լեզուի հայեցակարգով, ինչը հակասում է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը»:

Այնուամենայնիւ, ՀԱԿ փոխնախագահը լաւատես է եւ կը կարծէ, որ նման իրավիճակներ պատմութեան մէջ դարձեալ եղած են, բայց ելքը գտնուած է․ «Այս վիճակից էլ դուրս կը գանք, ձմրան նման կու գան ու կ’երթան»: Իրաւապաշտպան Վարդան Յարութիւնեան նոյնպէս լաւատես է եւ կ’ըսէ, որ դեռ յոյսը մեռած չէ, ու մօտ ապագային նոր ուժեր ի յայտ պիտի գան, որոնք իրապէս պիտի հասկնան ու գնահատեն անկախութեան արժէքը, գնահատեն սեփական պետութիւնն ու կառուցեն այն երկիրը, «որը երազել ենք»: «Եթէ չգայ այդ ժամանակը, ուրեմն մենք դատապարտուած ենք: Վստահ եմ, որ կը գայ, մենք աւելի ծանր ժամանակներ ենք ապրել»,- յայտնած է Վարդան Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment